
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) մէջ Յունիս 14ին տեղի ունեցած է հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանի հրատարակութիւններու եւ կայքէջի շնորհանդէսի ընթացքին ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան անդրադարձած է հայագիտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու:
«Այսօր հայագիտութեամբ զբաղուելը դարձել է խիզախութեան դրսեւորում», ըսած է Մելքոնեան, հաստատելով սակայն, որ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու ուսումնարանը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է՝ ուսումնակրթական աշխատանքին զուգընթաց կատարելով համալսարանական հետազօտութիւններ: Հայագիտութեան բնագաւառը, անոր խօսքով, նահանջ կ՛արձանագրէ: Երիտասարդները հայագիտութեամբ զբաղելու հեռանկար չեն տեսներ:
«Հայագիտութիւնը «ընտանիք պահելու» իմաստով այն բնագաւառը չէ: Երբ երիտասարդների հետ խօսում ես, ասում են. «թեկնածուական ատենախօսութիւն պաշտպանելուց յետոյ մենք պէտք է ստանանանք լաւագոյն դէպքում 45.000 դրամ աշխատավարձ»: Այդ պատճառով բոլորը խուսափում են»:
ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէնը հայագիտական ուսումնարաններու համագործակցութիւնը կարեւոր զէնք համարեց ատրպէյճանցիներուն կողմէ պատմական փաստերը խեղաթիւրելու պայքարի ճակատին վրայ:
Նշենք, որ հայագիտութեան ուսումնարանը վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հրատարակած է 49 գիրք, մեթոտական ձեռնարկներ ու աւելի քան 200 պատմական քարտէզ:
Կատարուած աշխատանքներին ծանօթանալու համար կարելի է այցելել ուսումնարանի պաշտօնական կայքէջ www.armin.am: