
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, Յունիս 22ի առաւօտուն ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքինի:
Դեսպանին այցելութեան հիմնական նպատակը հայրապետը տեղեակ պահել էր Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող շարժումներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան նկատմամբ Ռուսիոյ մօտեցման մասին: Դեսպանը, որ մօտէն ծանօթ էր շրջանին, ծառայած ըլալով արաբական երկիրներու մէջ, ներառեալ Սուրիան, նախ իր արժեւորումը կատարեց ընդհանուր կացութեան, յայտնելով որ Ռուսիան չի բաժներ Միացեալ Նահանգներու կտրուկ ու մարտունակ մօտեցումը: Ռուսիոյ համաձայն, տեղական պայմանները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ եւ հաւասարակշռուած ու իրապաշտ մօտեցումներ որդեգրել նման զգայուն կացութիւններու գծով: Միաժամանակ դեսպանը յայտնեց, որ ներքին բարեկարգութիւնը կենսական է:
Հայրապետը բաժնելով դեսպանին մտահոգութիւնը, իր կարգին շեշտեց ներքին բարեկարգութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ողջունեց վերջերս Սուրիոյ նախագահին այս ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւնները: Այս ծիրէն ներս կաթողիկոսը յատկապէս յիշեցուց դեսպանին, որ քրիստոնեայ համայնքները Միջին Արեւելքէն ներս կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, ապահովութիւնը, կայութիւնը, տնտեսական բարգաւաճումը, քրիստրոնեայիսլամ գոյակցութիւնը կենսական տուեալներ են քրիստոնեայ համայնքներու կազմակերպ պահպանման համար:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի կացութեան առնչուած հարցեր, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:
Դեսպանը յայտնեց որ իր երկիրը կ՛ողջունէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, մաղթելով որ ան ըլլայ ամբողջ Լիբանանը ներկայացնող կառավարութիւն, ո՛չ միայն իր յայտարարութեամբ, այլ իր աշխատանքով: Վեհափառը յիշեցուց դեսպանին, որ հայ համայնքը միշտ վեր կը մնայ բոլոր կողմերէն, ու կառչած՝ Լիբանանի գերագոյն շահերուն, ինչ ալ ըլլայ կառավարութեան կազմը կամ ընդհանուր ուղղութիւնը:
Այս առիթով նաեւ վեհափառը ողջունեց հայ եւ ռուս ժողովուրդներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ ռուս եկեղեցիներու միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ քառասուն տարիներու վրայ երկարող անձնական բարեկամութիւն գոյութիւն ունի իր եւ Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքին միջեւ: Հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ղարաբաղի եւ Հայ Դատի գծով Ռուսիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան համար: