ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ մեր միութիւնը կը թեւակոխէ իր գոյութեան երկրորդ դարը, մենք
ՀՄԸՄը կը պատկերացնենք որպէս՝
… Ուժական եւ նորարար կազմակերպութիւն մը, պարզ կառոյցներով եւ ժողովրդավար որոշումներով, ուր կազմակերպութիւն, վարչութիւն եւ հաղորդակցութիւն, ամէն մակարդակի վրայ, կ՛ընթանան հեզասահ կերպով։
ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՀՄԸՄԻ – 2020
Հայ ժողովուրդի մերօրեայ վերանորոգումն ու դարու կշռոյթով վերաշխուժացումը լիարժէք կ՛արդիւնաւորուին այն ատեն, երբ ազգային մեր պետականութեամբ եւ հանրային կազմակերպ կառոյցներով կը յաջողինք մշակել ու կիրարկման մէջ դնել, համազգային ընդգրկումով, նպատակասլաց ռազմավարութիւն մը։
Եւ ճիշդ այդ ուղղութեամբ արդէն նկատելի է ընդհանուր շարժում մը հայ իրականութեան մէջ։ Ամէնուրեք ակնբախ է համապատասխան ռազմավարական ծրագրումի մարտահրաւէրը։ Նոյնպէս զգալի են, տարբեր մարզերու մէջ եւ ղեկավար մակարդակներու վրայ, ընկալեալ արժէքները, կառոյցները եւ մտայնութիւնները վերանայման ենթարկելու, թէ՛ բարեփոխելու եւ թէ վերահաստատելու գործնական ճիգերը։
Ուշագրաւ է, որ հակառակ հայ քաղաքական մտքի խայտաբղէտ մօտեցումներուն եւ աշխարհայեացքի տարբերութիւններուն, ընդհանրապէս տիրական է նոր ժամանակները եւ մերօրեայ երիտասարդները հասկնալու, ճանչնալու եւ ինքնակազմակերպման մղելու առաջադրանքը։
Ընդհանուր է նաեւ այն ընկալումը, որուն համաձայն պէտք է խուսափիլ ծանօթ ընդհանրացումներէն եւ ընդունիլ, որ շեշտակի բազմատարրութեամբ կը յատկանշուին թէ՛ մեր ապրած ժամանակները, թէ՛ իրենք՝ երիտասարդները։
Ո՛չ 21րդ դարը ի՛նք կ՛ընդունի միատարրութիւնը եւ, հակառակ միաբեւեռ աշխարհակարգի պարտադրման նկրտումներուն, ամէն քայլափոխի կը դրսեւորէ բարդ ու բազմատարր ըլլալու խմորումներ։
Ոչ ալ նորահաս սերունդը ինք կը տեղաւորուի մէկ եւ ընդհանուր կաղապարներու մէջ, այլ ընդհակառակն՝ անձնակեդրոնութեան հետ շփոթուելու աստիճան ուրոյն առանձնայատկութիւններով կը դրսեւորէ իր անհատականութիւնը։
Խորքին մէջ հինն ու նորը, հաստատուած արժէքներն ու տակաւին կազմաւորման փուլին գտնուող նորայայտ նախասիրութիւնները, անվիճելի նկատուած բարոյական սկզբունքները եւ կենսակերպի ուժ հաւաքող աննախատեսելի վարմունքի, յարաբերութեանց ու կապերու զարտուղութիւնները, բոլորը՝ թէ՛ ընկալեալ եւ ընդունելի, թէ՛ անըմբռնելի ու այլասերում մատնող մտայնութիւնները եւ մօտեցումները միատեղ կը կենակցին երիտասարդներու առօրեային ու հոգեկերտուածքին մէջ…
Կը նշանակէ, որ մերօրեայ երիտասարդները իրենց մորթին վրայ կը զգան բազմատարր ու հակասութիւններով՝ պատեհութիւններով եւ սահմանափակումներով ծանրաբեռնուած նոր ժամանակներու ամբողջ ճնշումը եւ կը փնտռեն իրենց սեփական ելքը, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անձնական թէ հաւաքական շարժումի ուղին։
Իսկ հայ ժողովուրդի աշխարհաքաղաքական եւ պատմամշակութային բարդ իրականութիւնը աւելիով շեշտելու կու գայ մեր երիտասարդներուն ներքին լարուածութիւնը՝ նոր ժամանակներէն եկող որոնումներու եւ ինքնահաստատման ճիգերու ինքնին ճնշող հոգերու բեռը։
Հայ ազգային վերանորոգման ռազմավարական ծրագրումը, հետեւաբար, առաջնահերթ կարեւորութեամբ պէտք է հիմնուի նոր ժամանակներու եւ մերօրեայ երիտասարդներու առանձնայատկութեանց այս բարդ աշխարհին վրայ՝ ըստ այնմ մշակելու համար հաւաքական ու կազմակերպ մեր քայլերն ու նպատակասլաց ուղղութիւնը։
Այդ առումով պարզ ու հասկնալի կը դառնայ, օրինակ, որ ինչո՞ւ համար մեր նորահաս սերունդներուն հայեցի՛ կազմաւորման նուիրուած ՀՄԸՄի օրինակով համահայկական կազմակերպութիւն մը, վաղուան իր ընելիքն ու կառոյցը ռազմավարական ծրագրումի ենթարկելու ժամանակ, իր առջեւ կը դնէ ՀՄԸՄի 2020 թուականի Տեսլականը վերանայման ենթարկելու եւ նորովի սահմանելու օրակարգը։
Նաեւ կ՛առաջադրէ, որ իսկապէ՛ս նորարար կազմակերպութիւն ըլլալու համար, ՀՄԸՄը պէտք է օժտուի պարզ կառոյցներով ու գործէ ժողովրդավարական որոշումներով, որոնց շնորհիւ միայն կարելի է ապահովել միութեան կազմակերպական կառոյցին, վարչական ղեկավարման եւ ներքին հաղորդակցութեան հեզասահ ընթացքն ու արդիւնաւորումը։
Իսկ կազմակերպական կառոյցներու պարզացումը եւ, ժողովրդավարական որոշումներու շնորհիւ, սեփական շարքերու առաւելագոյն մասնակցութեան ապահովումը միայն ՀՄԸՄին բնորոշ կամ մասնայատուկ հրամայականներ չեն։
Ազգային՝ պետական թէ հանրային ինքնակազմակերպման ծառայող բոլոր կառոյցներու պարագային առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն դարձած են։
Այդպէ՛ս է յատկապէս նորահաս սերունդներուն ինքնակազմակերպման ծառայող հանրային–միութենական մեր կառոյցներուն համար, որոնք ազգային անկախ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, կամաւոր ծառայութեան եւ անձնուիրութեան մեծ աւանդ ստեղծեցին։ Աւանդ մը, որ սակայն ժամանակի մաշեցնող թաւալքին հետ կազմակերպականօրէն յանգեցաւ սովորամոլութեան գերին դարձած կառոյցներու, որոնց շարքերէն անցնող մանուկներն ու պատանիները, իրենց երիտասարդ ու չափահաս տարիքին անդրադարձան, թէ այլեւս զուրկ են իրենց հարազատ կազմակերպութեան վերանորոգումին ու վերաշխուժացումին գործուն մասնակցութիւն բերելու հնարաւորութիւններէն։ Նոյնպէս իր ժամանակը արդէն ապրած աւանդ մը, որ նոր պայմաններու եւ մարտահրաւէրներու ընդառաջելու կազմակերպական անհրաժեշտ զէնքերը չունի այսօր։
Անձնուիրութեան այդ ժառանգութիւնը, անկասկած, այսօր եւս աղբիւր է ինքնակազմակերպման սատարող անսպառ զօրութեան, պայմանաւ որ աւանդական այդ ներուժը գտնէ իր ինքնադրսեւորման արդիւնաւէտ կառոյցները՝ վերանորոգ թափով շարունակելու համար իր ծառայութիւնը, ի խնդիր նոր ժամանակներու եւ պայմաններու դիմագրաւումին։
Մերօրեայ հայ երիտասարդը անձնուիրութեան այդ աւանդին անհաղորդ ըլլալու որեւէ պատճառ չունի։ Ազգային եւ հանրային զարգացման ու յառաջդիմութեան կամաւոր կերպով ծառայելու եւ անձնդի՛ր ծառայելու յանձնառութիւնը ժամանակի պայմանաւորում չի ճանչնար, բոլոր ժամանակներուն համար ալ օրինակելի մղիչ ուժ է։
Հայ իրականութեան մէջ նոր ժամանակներուն բերած փոփոխութիւնը, հետեւաբար, չի վերաբերիր Անձնուիրութեան արժէքին եւ անոր պահպանման հրամայականին, այլ՝ կապ ունի միեւնոյն Անձնուիրութեան աւանդը վերանորոգող կազմակերպական կառոյցներու արդիականացման հետ։ Ազգային ու հանրային ինքնակազմակերպման ծառայող մեր միութենական կառոյցներուն բնորոշ նուիրեալ առաջնորդներու եւ հաւատաւոր հետեւորդներու երբեմնի հաւասարեցումը այլեւս ի վիճակի չէ ընդառաջելու նորանոր անյայտներով յատկանշուող մեր կեանքի մարտահրաւէրներուն։
Ինչպէս աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, նոյնպէս եւ նորահաս մեր սերունդները պէտք է հասանելի դառնան ազգային–միութենական մեր կազմակերպ կառոյցներուն համար։ Ժամանակները եւ կեանքի պայմանները վերջակէտ դրած են ինքնամփոփ ու փակ միջավայրով ապրելու հայերուս հաւաքական կեանքի անցեալի կենսակերպին։ Մեր ապրած երկիրներու հասարակական կեանքին մէջ ամբողջական համարկումը, միաժամանակ, անհատական եւ ընտանեկան ինքնամփոփման ու կղզիացման նոր կենսակերպ մը առաջացուցած է, ինչ որ մեծապէս դժուարացուցած է հայ երիտասարդին հասնելու կազմակերպական մեր հնարաւորութիւնը։
Ելքը կը գտնուի ազգային–միութենական մեր կառոյցներու ժողովրդավարական վերանորոգման մէջ, որպէսզի նորահաս սերունդներու յանձնառու տարրին նուիրաբերումը զինուի առաւելագոյն մասնակցութեան եւ ներդրումի հնարաւորութիւններ ընձեռող կազմակերպուածութեամբ։
Ռազմավարական թիւ 1 առաջնահերթութեան վերածուած է կազմակերպական վերանորոգման այս հրամայականը՝ Անձնուիրութեան անսպառ զօրութիւնը առաւելագոյն Մասնակցութեան կենսատու ուժականութեամբ զինելու նորօրեայ մարտահրաւէրը։