
ԹԵԼԱՒԻՒ.- Իսրայէլի խորհրդարանը’ Քնեսեթը, Չորեքշաբթի, 29 Յունիսին կայացուցած որոշումին համաձայն Ապրիլ 24ը Իսրայէլի մէջ յիշատակման օր ճանչնալու մասին բանաձեւը 25 թեր եւ մէկ դէմ քուէով որոշեց Կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին փոխանցել՝ առ ի քննարկում: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Ապրիլ 24ին Իսրայէլի դպրոցներէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասընթացքներ պատրաստել:
Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան կը տեղեկացնէ, որ նոյն նիստին ներկայ եղած են նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու անդամ հրեայ պատգամաւորներ:
Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչ՝ Ուզի Լանտաու խորհրդարանին փոխանցեց, որ կառավարութիւնը դէմ չէ հարցի քննարկման՝ կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովի կողմէ:
Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցւ «Լիքուտ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Զեւ Էլքին, որուն հետ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտ յարաբերութիւններու մէջ է:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Մայիս 18ին, Իսրայէլի խորհրդարանը իր լիագումար նիստին քննարկած էր մէկ այլ՝ այս անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ու որոշած էր զայն փոխանցել Կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին: Քնեսեթի լիագումար նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին:
Նշենք, որ 2008էն ի վեր Իսրայէլի խորհրդարանին 4 անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւներ ներկայացուած են:
============
ays lurı shad hianali yev urakh lur e.hima abakay hamar huys unim.