ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայ Պաքուի մէջ Չորեքշաբթի, Յուլիս 6ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ուղղակի դերակատարութիւն չունի, սակայն մէկ բան յստակ է ՆԱԹՕի հրամանատարութեան համար, թէ՝ տագնապը ռազմական լուծում չունի եւ միակ լուծումը դիւանագիտական է։
Ափաթուրայ Ատրպէյճանի մէջ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։