Ազգային օրակարգի առաջնահերթութեան մրցավազքին յաղթանակողը միանշանակօրէն արտագաղթն է, որուն աւերիչ վնասները արդէն իսկ բացայայտ կը դառնան բոլորիս:
Հայրենիքը կը պարպուի, կը պարպուի իր մտաւոր ուժէն, կը պարպուի իր երիտասարդ աւիշէն, կը պարպուի իր դիմադրականութենէն:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արդէն չեն թաքցներ իրենց ոգեւորութիւնը՝ հաշուելով Հայաստանի օրաւուր տկարացումը՝ իւրաքանչիւր մեկնող հայու հետ բարձրացնելով Ղարաբաղը կրկին բռնագրաւելու իրենց յոյսերը:
Մեր կողմէ, այս հարցը հրապարակաւ չարծարծելու, մեր վէրքը աշխարհին եւ մանաւանդ թշնամիի աչքին ցոյց չտալու մտահոգութիւնը կարելի կ՛ըլլար հասկնալ միայն, եթէ համոզուած ըլլայինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռնարկած են արտագաղթի թափը կտրելու եւ ի վերջոյ անոր առաջքը առնելու լուրջ ծրագիրի մը, զոր կը գործադրեն՝ պետական բոլոր հնարաւորութիւններով:
Նման համոզում գոյացնելու հիմքեր չունինք, դժբախտաբար, եւ իշխանութեանց կողմէ աղիտալի վիճակը թաքցնելու ճիգերը պարզապէս ժողովուրդին ուշադրութիւնը այդ հարցէն շեղելու քարոզչական մարտավարութիւն կը նկատենք:
Հայրենիքը դատարկուած տեսնելու մտավախութիւնը բարոյալքիչ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ նաեւ բոլոր այն ծրագիրներուն վրայ, որոնք կը միտին ազատագրուած կամ սահմանային տարածքները վերաբնակեցնելու, Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայրերը ամրացնելու:
«Համազգային զօրաշարժ», «միասնական ճիգեր», «պետական համապարփակ ծրագիր», այլ ի՞նչ անուն կ՛ուզէք տանք արտագաղթը՝ հայրենիքի այս մահացու արիւնահոսութիւնը, կանգնեցնելու աշխատանքներուն: Անուանումը ինքնին ոչ մէկ երաշխիք կու տայ աշխատանքներու արդիւնաւորման: Երաշխիքը մեր բոլորին գիտակցիլն է, որ եթէ այս հարցը չլուծենք, չլուծենք հիմա, այսօ՛ր, ապա պիտի կորսնցնենք ամէն ինչ: