Հոկտեմբեր 6-23, հովուապետական այցով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ պիտի գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
Հայրապետը, ըստ վեհափառին այցելութիւնը կազմակերպող Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, իր առջեւ դրած է երեք խնդիրներ. առաջնորդ հօր բանաձեւումով, «Կիլիկեան դարաւոր մեր Ս. աթոռոյն հովուապետը անգամ մը եւս իր օրհնութիւնները պիտի բաշխէ թեմիս հաւատացեալ ժողովուրդին՝ մեզ մղելով ԱՌԱՒԵԼ ԶԱՐԿ ՏԱԼՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՄԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ»:
Արամ Ա.ի այցելութիւնը շրջանս, ինքնին կ՛ոգեւորէ մեզ, իբրեւ համայնքս հարստացնող, համայնքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքը աշխուժացնող նշանակալի իրադարձութիւն:
Առաւել ոգեւորուած ենք վեհափառ հայրապետի ստանձնած երեք առաքելութիւններով, որոնք կ՛արտայայտեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր գահակալին ընդգրկած արժէքային համակարգի կարեւորագոյն տարրերը:
Բարդ ու տագնապալի ժամանակները, զորս կը դիմագրաւենք յատկապէս այս ափերուն, կը շեշտեն կարիքը հոգեւոր վերանորոգութեան, հոգեւոր ամրապնդման ու առաջնորդութեան: Արամ վեհափառը, Անթիլիասէն սփռած իր պատգամներով, խորհուրդներով ու յորդորներով, անփոխարինելի հոգեւոր խաղաղութիւն կը փոխանցէ հաւատացեալ հայ մարդոց, որոնք իր անմիջական ներկայութեամբ առաւել ջերմութեամբ պիտի կարենան հաղորդուիլ վեհափառի խօսքերուն:
Ազգային պահանջատիրութիւնը նոր մակարդակներու բարձրացնելու հրամայականը ոչ ոք կրնայ ժխտել, եւ Հայոց եկեղեցին, յատկապէս իր արմատներէն պոկուած Կիլիկիոյ Տունը, ոչ միայն կ՛աջակցի մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն, այլեւ ինք նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ հարցը տարբեր ատեաններէ արծարծելու եւ պահանջատիրական մեր ձայնը լսելի դարձնելու:
Վեհափառի այս այցելութիւնը առիթ պիտի տայ բոլորիս տեղեակ ըլլալու կաթողիկոսութեան ձեռնարկած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն՝ յատկապէս մեր ազգային-եկեղեցական ժառանգութեանց վերատիրանալու ուղղութեամբ:
Արամ Ա.ի գործելու իւրայատուկ ոճը, անոր պայծառատեսութիւնը, ազգային առաջնահերթութիւններու յիշեցման ճամբով մեզ միշտ մղած է զգաստութեան: Հայ դպրոցի, անոր հարկին տակ ազգային կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ հասակ նետող հայ մանուկի ու աշակերտի հանդէպ վեհափառին հոգածութիւնը բազմիցս արտայայտուած է: Անցեալին, «Հայ Դպրոցի տարի» հռչակած վեհափառը, այս տարի դարձեալ իր ուշադրութիւնը սեւեռած է հայ մանուկին ու 2011 թուականը յայտարարած է անորը: Հայ մանուկի այսօրով ու ապագայով մտահոգուիլ, կը նշանակէ՝ մտածել անոր առողջ միջավայր, հոգեւոր ու մտաւոր սնունդի պայմաններ ստեղծելու մասին, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ՝ առաւելագոյն թիւով հայ մանուկներուն հայկական վարժարան յաճախելու հնարաւորութիւնը ընդլայնել:
Այս մարզին մէջ ալ շրջանս կը զգայ հայրապետական օժանդակութիւն ստանալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը իր հմայքով, իր ազդեցութեամբ ու կշիռով բազմիցս ապացուցած է, որ կրնայ զօրաշարժի ենթարկել մեզ, ու իր առաջադրած խնդիրներուն լուծում տալու աշխատանքին շուրջ համախմբել մեր լաւագոյն ուժերը, նիւթական եւ բարոյական մեր հնարաւորութիւնները: Տնտեսական մեր ներկայ պայմաններու լոյսին տակ, իսկապէս դժուարին առաքելութիւն մը պիտի ըլլայ այս մէկը, եւ մենք ուղղակի կ՛ողջունենք Արամ Ա.ի յանդգնութիւնը, որ փոխանակ խուսափելու, ուղղակի կուրծք կու տայ դպրոցներուն նիւթական ապահովութեամբ նպաստելու մարտահրաւէրին, եւ այս աշխատանքը կը դարձնէ իր այս համայնքը կատարելիք այցելութեան հետապնդած եռեակ առաքելութեանց առանցքը:
Ողջունելով վեհափառին այցելութեան լուրը՝ կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի զաւակներուն իրենց կարելին ընելու Արամ Ա. կաթողիկոսը արժանաւորապէս դիմաւորելու, ընդունելու ու անոր առաքելութիւնը դիւրացնելու բոլոր անհրաժեշտ պայմանները ստեղծելու: