
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը լոյս ընծայած է Էնթընի Շըտիտի՝ «Թուրքիոյ վարչապետը զինուորականներու հրաժարականներէն ետք աւելի բարձր դիրք գրաւեց» խորագիրով յօդուածին։
Յօդուածագիրը կը գրէ, որ «Հիմնուելով ծաղկող տնտեսութեան վրայ՝ Էրտողան տարիներ շարունակ աշխատած է, որպէսզի փոխէ երկիրը, զայն դարձնէ այդ տարածաշրջանին մէջ վճռորոշ նշանակութիւն ունեցող տէրութիւն։ Տարածաշրջանին մէջ, շատոնց կը գերիշխէ Միացեալ Նահանգները. սակայն ընտրութիւններու պահէն իսկ, Էրտողանը արտաքին քաղաքականութեան մէջ դարձաւ աւելի մարտական եւ յարձակողապաշտ նաեւ հարեւան Հայաստանի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն մէջ»։
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ երբեմնի գործընկեր Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ ունեցած ջերմ յարաբերութիւնները մինչեւ այսօր կարգաւորուած չեն, իսկ Թուրքիա այս ամիս Կիպրոսի հարցին վերաբերեալ խիստ դիրքորոշում որդեգրեց։
Պոլսոյ մէջ Միջազգային ճգնաժամային խմբակի վերլուծաբան Հիու Փռուփ յայտնած է, թէ «Ընդամէնը երկու ամսուան ընթացքին մթնոլորտի կտրուկ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։ Ատիկա անսովոր է։ Կարելի է ենթադրել, որ Էրտողան ինքզինք շատ ուժեղ եւ հզօր կը զգայ»։