ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Շուրջ երկու տարի, ատրպեճանական կողմը գերութեան մէջ գտնուած Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Բադալեանը խոշտանգումներու ենթարկելու եւ անոր հանդէպ անմարդկային վերաբերմունք ցոյց տալու հարցով, Օգոստոս 9ին հայց ուղարկուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ): Այդ մասին տեղեկացուց Ռազմավարական դատավարութիւններու կեդրոնի նախագահ, փաստաբան Էդմոն Մարուքեան:
Վերջինս Մայիսին յայտնած էր, որ իրենք համապատասխան փաստաթուղթեր հաւաքելէ ետք դիմած են Եւրոպական դատարան:
«Գործն այսօր արդէն ուղարկուել է: Այս ամբողջ ընթացքում աշխատում էինք, տեղեկութիւններ, ապացոյցներ էինք հաւաքում՝ ապացուցելու այն, որ Արթուր Բադալեանը քաղաքացիական անձ է եղել, երբ յայտնուել է գերութեան մէջ՝ ինչքա՛ն ժամանակ ու որտե՛ղ է պահուել Ադրբեջանում, ու ի՛նչ առողջական վիճակում է այժմ նա», յստակացուց փաստաբան Մարուքեան:
Ան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի ուղղուած բոլոր հարցումները մնացած են անպատասխան: «Երբ Եւրոպական դատարանն արդէն գործը վարոյթ ընդունի, անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը դատարանի պահանջով Ադրբեջանը ստիպուած կը բաւարարի», նշեց փաստաբանը:
Ռազմավարական դատավարութիւններու կեդրոնի նախագահը վստահ է, որ ՄԻԵԴը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 3րդ եւ 5րդ յօդուածներուն հիման վրայ՝ պէտք է իբրեւ խախտում ճանչնայ Արթուր Բադալեանի դէմ իրականացած խոշտանգումները: Փաստաբանին համոզումով, այդ բոլորը ապացուցելու համար, կարեւոր փաստ է նաեւ այն, որ Արթուր Բադալեան ատրպեճանական դատարաններու մէջ չէ կանգնած եւ որ զայն բանտարկած են, առանց որեւէ դատարանի որոշումի. նաեւ՝ ան չէ կրցած օգտուիլ իրաւական պաշտպանութեան միջոցներէ, պահուած է ոչ թէ բանտերու մէջ, այլ՝ զօրամասերու:
Էդմոն Մարուքեանի խօսքով, Արթուր Բադալեանի առողջական վիճակը այժմ շատ ծանր է ու հոգեբանական լուրջ խնդիրներ ունի ան: «Նրա մարդկային արժանապատուութիւնն է ոտնահարուել. հիմնականում սոված է պահուել եւ անընդհատ նրա խցի դուռը բացել-փակել են. այդ ձայները դեռ նրա ականջում են: Ըստ էութեան, նա դեռ չի կարողանում ինտեգրուել նորմալ կեանք», պատմեց փաստաբանը:
Նշենք, որ Արթուր Բադալեան գերութեան տակ յայտնուած է 2009 Մայիս 9ին, իսկ այս տարուան Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան ծիրէն ներս՝ Բադալեան վերադարձուած էր Հայաստան: