ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Պաքուն հանդէս կու գայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները շարունակելու օգտին: Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժինի պետ Նովրուզ Մամետով, մեկնաբանելով Սոչիի մէջ Օգոստոս 9ին Իլհամ Ալիեւի եւ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպման արդիւնքները՝ նշած է. «Նախագահներու մօտեցումները կարելի է արտայայտել հետեւեալ կերպով. Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ իրականացած հանդիպումներուն ու բանակցութիւններուն հնարաւոր դարձած է մօտեցնել կողմերուն դիրքորոշումները որոշ հարցերու մէջ, օր.՝ Մատրիտեան հիմնարար սկզբունքներու շուրջ»:
«Ուստի անհրաժեշտ է շարունակել բանակցութիւնները», աւելցուցած է Նովրուզ Մամետով:
Միեւնոյն ժամանակ Իլհամ Ալիեւ բանակցութիւններէն ետք, ինչպէս եւ Քազանի հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը բազմիցս «ցուցաբերած է ոչ անկեղծ պահուածք՝ բանակցութիւններու անարդիւնաւէտ ընթացքը բարդելով Ատրպէյճանի վրայ, օգտագործելով Հայաստանի ղեկավարութեան մտերիմ շրջանակներու եւ Սփիւռքի հնարաւորութիւնները»:
Ըստ Մամետովի, Ալիեւ հերթական անգամ Մետվետեւին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի տեսակէտը ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ: