ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեանի դատաւոր մը Երկուշաբթի, Օգոստոս 8ին մերժեց ֆրանսական «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն եւ անոնց ժառանգորդներուն կատարուած հատուցման հարցով հետապնդում կատարելու դիմումը, որ կատարուած էր մօտաւորապէս 2.5 միլիոն տոլար գումարի շուրջ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի բացայայտած կասկածներուն հետեւանքով:
«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը գրէ, թէ դատաւորը պնդած է, որ նման հետախուզութիւն մը հարկաւոր չէ եւ շատ ծախսալից պիտի ըլլայ. անոր փոխարէն՝ պահանջած է հատուցումներու հիմնադրամի պատասխանատու Բարսեղ Քարթալեանէն, որ ամբողջական հաշուետուութիւն մը ներկայացնէ Եղիայեանին, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերը ներկայացնող միւս իրաւաբաններուն՝ Մարք Կիրակոսին ու Պրայըն Քապաթեքին, յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին:
Այս հարցով դատական յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 26ին: