ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ կրկնակի հարկերու դրութեան վերջ տալու քայլը կրնայ խթանել ներդրումներն ու տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ ամրապնդել երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, գրած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումը, Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Թիմըթի Կայթնըրին ղրկուած նամակին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան նամակին մէջ նաեւ գրած է, թէ կրկնակի հարկերը բացառող պայմանագիրը անհրաժեշտ է, եւ աւելցուցած, թէ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հարկային վէճերու առաջքը առնել:
«Պայմանագիրի բացակայութիւնը լրջօրէն կը վնասէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի զարգացման», գրած է Խաչիկեան, ընդգծելով, որ հարկերու պայմաններուն անյստակութիւնը կը սահմանափակեն նոր ներդրումները:
Յանձնախումբի ատենապետը յիշեցուցած է, թէ Ամերիկա կրկնակի հարկեր բացառող պայմանագիրներ ունի Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Իսրայէլի, Իրլանտայի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ շարք մը այլ պետութիւններու հետ, որոնք մեծ համայնքներ ունին Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն Հայաստանը, որ նմանապէս մեծ համայնք ունի, տակաւին չունի նման պայմանագիր:
Ի դէպ, երկու երկիրներու միջեւ նման պայմանագիրի վերաբերեալ միջնորդութիւնները սկսած են 2004ին: