ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ամէն անգամ, որ հայ իրականութիւնը տագնապեցնող հիմնական վէրք մը կամ ծանրակշիռ վտանգ մը օրակարգի վրայ կու գայ, քննարկումները անխուսափելիօրէն կը յանգին հանրային կարծիքը սթափ ու զգօն պահելու անհրաժեշտութեան շեշտաւորումին։
Բնականաբար այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հաւաքական՝ ազգային ու պետական որեւէ բարեկարգումի յաջողութեան համար, նախապայման է իր կարիքներուն, պահանջներուն եւ իրաւունքներուն տէր կանգնող, անոնց ձեռքբերումն ու ամրագրումը բոլոր ուժերով հետապնդող ազդեցիկ հանրային կարծիքը։
Ի վերջոյ հանրային կարծիքը աղբիւրն է հաւաքական ուժի բոլոր կռուաններու օրինականութեան։ Եթէ կառավարութիւն կամ բանակ, կուսակցութիւն կամ հասարակական կազմակերպութիւն չեն վայելեր սեփական ժողովուրդի հանրային կարծիքին վստահութիւնը, անոնց հեղինակութեան եւ արժանահաւատութեան պաշարները անխուսափելիօրէն կը սպառին՝ ուշ կամ կանուխ բարոյազրկելով ու տապալելով ամէնէն զօրաւոր ու անփոխարինելի կարծուած կառոյցներն անգամ։
Այդ հիմնաւորումով ալ հանրային կարծիք ձեւաւորող եւ առաջնորդող մամուլը կոչուած է Չորրորդ Իշխանութիւն։
Միեւնոյն հիմնաւորումով է, նաեւ, որ մեր հաւաքական կեանքի անիւը լիարժէք յառաջխաղացք չի կրնար արձանագրել, եթէ Չորրորդ Իշխանութիւն ըլլալու իր կոչումին ու առաքելութեան համապատասխան բարձրութեան վրայ չի գտնուիր հանրային կարծիքի շարժիչ մամուլը՝ տպագիր թերթ ըլլայ անիկա թէ ձայնասփիւռի կամ պատկերասփիւռի ալիք, իսկ մեր օրերուն նաեւ համացանցի կայքէջ։
Կը բաւէ օրակարգի վրայ բերել արմատական բարեկարգում պահանջող հայ կեանքի որեւէ տագնապալի մարզ՝ պետական–քաղաքականէն մինչեւ գրական–մշակութայինն ու եկեղեցական–բարոյահոգեբանական բնագաւառը, որպէսզի համապատասխան ախտաճանաչումներն ու տագնապի յաղթահարման առաջադրանքները ի վերջոյ մատնացոյց ընեն նաեւ մամլոյ՝ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու դերակատարութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։
Օրինակ, այս օրերուն, Լիբանան՝ Պիքֆայայի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, կը գումարուի Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ անաղարտ պահպանման նուիրուած համահայկական համագումար մը, որ իր օրակարգին վրայ դրած է նաեւ մամուլի պատասխանատուութեան հարցը՝ բանաւոր թէ գրաւոր հայերէնը խաթարող աղաւաղումներու եւ աղճատումներու տարածման մէջ։
Օրինակը խորհրդածութեան արժանի է, որովհետեւ միեւնոյն մամուլն ու զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցները իրե՛նք ամէնէն աւելի բարձրագոռ ահազանգը կը հնչեցնեն հայերէնի խաթարման վտանգին դէմ։
Հարցը այն է, որ ինչպէս մեր ժողովուրդն ու հայ հասարակութիւնը, այնպէս ալ հայոց հանրային կարծիքն ու զայն ղեկավարող Չորրորդ Իշխանութիւնը բազմազան են ու բազմաշերտ, ինչ որ նաեւ կենսունակութեան աղբիւր է հաւաքական կեանքի բոլոր միաւորներուն համար։
Պարզապէս մամլոյ միեւնոյն աւազանին մէջ ամփոփուած են թէ՛ դրականը, թէ՛ բացասականը. ազատօրէն արտայայտուելու եւ շարժելու իրաւունք ունին իրարու ներհակ ուղղութիւնները՝ գաղափարախօսական ըլլան անոնք թէ քաղաքական–կուսակցական, հայ մտքի գիտական կենսագործունէութեան վերաբերին անոնք թէ գրական հայերէնի ուղղագրութեան եւ ուղղախօսութեան։
Փաստօրէն արմատական բարեկարգումի առաջադրանքները, որեւէ բնագաւառի մէջ եւ որեւէ մակարդակի վրայ, անպայման պէտք է անցնին բազմակարծութեան եւ այլակարծութեան իրերամերժ բուռն խմորումներէ, որպէսզի ի վերջոյ կարենան համաժողովրդային եւ անդիմադրելի պահանջի ու ճնշումի թափ հաւաքել, հանրապարտադիր դառնալու օրինականութիւնը նուաճել։
Տարբեր օրինաչափութեան չի կրնար հետեւիլ իշխանութեան ժողովրդավարացման ընդհանուր շարժումին հետ կազմաւորուած եւ ժողովրդավարական մշակոյթի զարգացման հետ արմատաւորուած Չորրորդ Իշխանութիւնը՝ մամուլը։
Մեր ժողովուրդի պարագային անբախտութիւնը այն է, որ ամբողջ եօթանասուն տարի կառավարող ուժի իշխանաւոր խօսափողը եղաւ խորհրդահայ մամուլը։ Իսկ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեայ կեանքին մէջ, ազատ մտածողութեան եւ ազատ արտայայտութեան աւանդներէն զուրկ հայրենական մամուլը պէտք է ժամանակէն առաջ անցնի, որպէսզի յաջողի յաղթահարել զինք օրուան իշխանութեանց խօսափողը պահելու–դարձնելու ճնշումներն ու կաշկանդումները։
Անկախութեան քսան տարիները եկան հաստատելու, թէ նախ 1988ի համաժողովրդային շարժումը շղթայազերծած Չորրորդ Իշխանութիւնը ինչպէ՜ս ինք շղթայի տակ առնուեցաւ կառավարման ղեկին հասած ուժերուն կողմէ, ապա՝ իրերայաջորդ նախագահական խմբիշխանութիւնները ինչպիսի՜ մեքենայութիւններով սեփական հակակշռին տակ բերին մամուլի ու զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու մեծագոյն մասը։
Այդ պատճառով է, որ հայ իրականութեան մէջ Չորրորդ Իշխանութիւնը միաժամանակ երկու ճակատի վրայ կը մղէ ինքնահաստատման իր պայքարը։
Նախ՝ կը պայքարի յանուն բազմակարծութեան եւ այլակարծութեան ազատ խմորումին, որպէսզի կարենայ ձեւաւորել հանրային կարծիքի տիրական եւ իշխող մեծամասնութիւն։
Ապա՝ կը պայքարի ի խնդիր Չորրորդ Իշխանութեան իր կոչումին ու առաքելութեան ամրագրումին, որովհետեւ սահմանադրականօրէն ժողովրդավարացման ուղին ընտրած մեր պետականութեան ղեկին կանգնած են հակաժողովրդավար ուժեր, որոնք վճռած են ամէն գնով իրենց մականին ենթարկել մամուլն ու զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցները։
Եւ երբ Չորրորդ Իշխանութեան կը պակսի… հանրային կարծիքը առաջնորդելու իշխանութիւնը, պէտք չէ զարմանալ, որ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդը դժուարութիւն կ՛ունենայ իր պահանջած արմատական բարեկարգումները պարտադրելու քաղաքական այն ուժերուն, որոնք իր իսկ քուէն ձեռք ձգելով՝ կառավարման ղեկին հասած են։