ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ կը պատրաստուի Ռուսիա այցելելու։ Կիւլ Ռուսիա իր այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի Եարոսլաւլի մէջ Սեպտեմբեր 7-8 կայանալիք Համաշխարհային քաղաքական համախմբումի նիստին։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հովանիին տակ կայացուելիք համախմբումին պիտի մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել եւ Լաթվիոյ նախկին նախագահ Վալտիս Զաթլերս։
Համախմբման ծիրին մէջ, Կիւլ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելի հետ։
Կիւլ-Մետվետեւ հանդիպման ընթացքին, այլ հարցերու շարքին, պիտի քննարկուին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Իրանի հիւլէական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի, Իրաքի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը։