ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Իրանեան «Թեհրանթայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իրանեան բանակի գնդապետ Ազիզ Հասան Աքտամ յայտարարած է, թէ Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան (ՔԱԿԿ) անդամները Հայաստանի մէջ զինավարժութիւններ կը կատարեն։
«ՔԱԿԿ ահաբեկչական խումբը, հիւսիսարեւելեան Իրան ու Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգի հարաւը պարտութիւն կրելէ ետք, շարժած է դէպի նահանգի հիւսիսային մասերը», ըսած է զինուորականը։
Ըստ գնդապետին, նահանգի հիւսիսային կողմը հսկողութիւնը խստացուած է եւ Մակուի սահմանապահները պատրաստ են որեւէ յարձակում դիմակայելու։ Այն վայրերուն մէջ, ուր սահմանապահներ չկան, տեսախցիկներ տեղադրուած են։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները, իրենց կարգին, կը տեղեկացնեն, որ նման ապատեղեկատուութիւններ սովորաբար կը տարածուին ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ: Նախարարութիւնը արդէն դիմած է Իրանի իշխանութիւններուն, լուրին իսկութիւնը ճշդելու համար, սակայն համոզուած է, որ «անիկա պիտի հերքուի»:
ՔԱԿԿը 2009ին ներառուած էր Միացեալ Նահանգներու ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկին մէջ։ Կազմակերպութիւնը, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան իրանեան թեւն է, հիմնականին մէջ Իրանի տարածքին կը գործէ։