ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի հանրախանութներուն մէջ շաքարը սղած է՝ 350 դրամէն հասնելով 450 դրամի: Այսպէս՝ «Երեւան Սիթի» խանութներու ցանցին մէջ, շաքարի մէկ քիլօկրամը Օգոստոս 23ին կ՛արժէր 430 դրամ՝ նախորդ օրուան 377 դրամին փոխարէն: Իսկ սղութեան պատճառը՝ միջազգային շուկային մէջ շաքարի գինին բարձրացումն է: «Սթար» հանրախանութներու ցանցին մէջ, շաքարի 1 քլկ.ը դարձած է 430 դրամ, իսկ «Մուսա լեռ» խանութին մէջ անիկա կ՛արժէ 450 դրամ, մինչդեռ նախօրեակին 350 դրամ էր: «Մոսկուիչկա» հանրախանութներու ցանցին պարագային, շաքարի 1 քլկ.ը միշտ եղած է 420 դրամ: Իսկ «ՍԱՍ» հանրախանութներու ցանցին մէջ՝ տակաւին 375 դրամ է:
Նշենք, որ Հայաստան շաքարի մենաշնորհ ներածողը Ազգային ժողովի պատգամաւոր, գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանն է: Արդարեւ, անոր «Ալեքս Գրիգ» ընկերութիւնը շաքարի շուկային մէջ ունի ամենամեծ մասնաբաժինը՝ 99.99 տոկոս:
Ինչ կը վերաբերի այդ պատճառաբանութեան, թէ միջազգային շուկային մէջ գիները բարձրացած են, հարց կը տրուի, թէ ապա ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ չէ աժանցած ալիւրն ու հացը, երբ միջազգային շուկային մէջ ցորենի գիները նուազեցան: