ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացահայ «Վիրահայերու Միասնութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, վերջերս հրապարակած է հետեւեալ կոչը.
««Վիրահայերու Միասնութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահութիւնն ու հարիւր հազարաւոր անդամները խիստ մտահոգուած են Վրաստանի մէջ վերջերս գլուխ բարձրացուցած հակահայկական կեցուածքին առթիւ: Ծայրայեղական մութ ուժեր, ներառեալ նաեւ աշխարհիկ եւ հոգեւոր բարձրաստիճան անձինք, տարածելով կեղծ լուրեր՝ կը հրահրեն հայ եւ վրաց ժողովուրդներու շահերուն անյարիր թշնամանք: Հակահայկական տրամադրութիւններու բորբոքման մեծ չափով կը նպաստեն նաեւ լրատուական միջոցներու վարկաբեկիչ հրապարակումները, որոնց ազդեցութեան տակ ինկած են վրաց երիտասարդութեան անտեղեակ ներկայացուցիչները: Գործը հասած է այնպիսի լկտիութեան, որ անսթափ վիճակի մէջ գտնուող երկու երիտասարդներ մուտք գործած են Աստուծոյ տաճար (եկեղեցի), վիրաւորած են մեր ազգային արժանիքներն ու հաւատքը եւ պղծած խորանին դրուած «Ճաշոց գիրքը»: Ասիկա այնպիսի արարք է, որ դատապարտելի է բոլոր օրէնքներով եւ կրնայ առիթ ստեղծել ազգամիջեան լարուածութեան: Վրացական ծայրայեղականներուն կը յիշեցնենք Մեծն æիւանիի խօսքերը. «Թէ կ՛ուզես հաշտ ապրինք, բարի հարեւան՝ պատուիս ու կրօնիս, հացիս մի՛ դիպչի»…:
«Մենք կը սատարենք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմին, եւ կոչ կ՛ուղղենք վրաց իշխանութիւններուն՝ խիստ միջոցներ կիրառելով սանձել հակահայկական քարոզով զբաղող պաշտօնեաներն, ու արժանի պատիժի ենթարկել մեր ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորած ստահակները, յետայսու նման արարքներ կանխելու համար»: