ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թիֆլիսի մէջ գործող «Բազմազգ Վրաստան» կազմակերպութիւնը, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիէն պահանջած է ներողութիւն խնդրել իր օտարատեաց յայտարարութիւններուն համար։
Կազմակերպութեան նախագահ Առնոլտ Ստեփանեան վրացական «Մայիսթրօ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ նախագահը Աբխազիոյ սահմանին մօտ գտնուող առողջարանի մը բացման արարողութեան ընթացքին, Աբխազիոյ կողմը ցոյց տալով՝ ըսած է, որ հոն «մոնկոլներու սերունդներ եւ բարբարոսներ են, իսկ այս կողմը հնագոյն քաղաքակրթութիւնն է»։