ԹԻՖԼԻՍ, «Ուիքիլիքս».- Նախորդ տարուան սկիզբը Վրաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասս պատրաստած է ծաւալուն վերլուծական փաստաթուղթ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին մասին, որ Ուաշինկթըն ուղարկուած է 17 Փետրուար 2010ին: Փաստաթուղթը վերջերս հրապարակուած է «Ուիքիլիքս»ի կողմէ:
Փաստաթուղթի «բարդ հարեւանութիւն» վերտառութեամբ հատուածին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն:
«Վրաստանը լրջօրէն անհանգստացած է Ռուսիայէն դէպի Հայաստան ռազմական սպառազինութեան մատակարարման ծաւալներու էական աճով: Մատակարարումը ծրագրուած է իրականացնել 2010ին՝ Վրաստանի օդային տարածքով: Ու թէեւ Վրաստան կը շարունակէ համաձայնիլ նման թռիչքներուն՝ Երեւանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնները չփճացնելու համար, այստեղ չեն հաւատար, որ հայերը կրնան ինքնուրոյն օգտագործել այդ ողջ սպառազինութիւնը: Վրաստանը մտավախութիւն ունի, որ սպառազինութիւններու այնպիսի տեսակներ, ինչպէս օդանաւերու համար նախատեսուած մեծ տրամագիծի զինամթերքը, կրնան նախատեսուած ըլլալ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքին համար: Նման զինամթերքը կրնայ ոչ միայն խախտել հաւասարակշռութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այլեւ օգտագործուիլ հարաւէն Վրաստանը ճնշելու համար, եթէ ապագային այդտեղ Ռուսիոյ հետ խնդիր յառաջանայ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ: