
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հապեր Թիւրք» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտասահմանի իր բոլոր դեսպանատուներուն գաղտնագիր ղրկելով, զանոնք հրաւիրած է հայկական Սփիւռքի կողմէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ նախատեսուած միջոցառումներու դէմ այժմէն կանխարգելիչ միջոցներու դիմելու։ Նախարարութիւնը դեսպանատուներուն գրած է. «Ուշադիր եղէք, սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու հետ կապ հաստատեցէք եւ միջոցառումներու արգելք հանդիսացէք»։
Գործակալութիւնը կը յայտնէ. «Սփիւռքը շարժման անցած է, որպէսզի 1915ի սպանդներու հարիւրամեակին առթիւ ամբողջ աշխարհի ընդունելի դարձնէ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Հայերը տենդագին պատրաստութիւն կը տեսնեն, որոշած են գործածել հաղորդակցութեան ու լրատուական բոլոր միջոցները, որպէսզի իրականացնեն իրենց նպատակը:
«Սփիւռքահայերը այս ուղղութեամբ առաջարկ մը ներկայացուցած են նշանաւոր շարժանկարիչ Սթիւըն Սփիլպըրկին։ Աշխարհի զանազան կողմերը ցուցահանդէսներ պիտի բացուին ու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տեսութիւն մը քարոզչութեան նիւթ պիտի դառնայ։ Տակաւին օրակարգի կը բերուի հատուցում պահանջելու հարցը եւ 1915էն վերջ գրաւուած հայկական ինչքերուն համար հայեր հատուցում պիտի պահանջեն Թուրքիայէն»։
«Այս բոլորին դիմաց Թուրքիա ի՞նչ պիտի ընէ», կ՛աւելցնէ «Հապեր Թիւրք»։
Թուրքը գիտակից ըլլայ ՀԱՅ ԴԱՏԸ դադար չունի ԱՇԽԱՏԱՆՔԷ
ԱՄԷՆ !!!