ԿԱՐՕ ԳԱՍԱՊեԱՆ
Այս տարուան Մարտի սկիզբը թրքական եւ հայկական լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին որ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Նախարար Էրթողրուլ Կիւնայ այցելեց Նիկտէի հայկական եկեղեցին: Կիւնայը տեղական իշխանութիւններու հետ հանդիպում ունենալով կարեւոր համարեց պատմական յուշարձաններու վերականգնումն ու պահպանումը՝ աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հրապուրելու համար: Արդէն նախապէս Նիկտէի քաղաքապետը յայտարարած էր, որ մտադիր էր վերականգնել հայկական եւ յունական եկեղեցիները եւ «մաքրել շրջակայ տարածքը աւելորդ կառոյցներէ»:
Նիկտէ քաղաքը պատմական Կապադովկիոյ հարաւը, Տաւրոսեան լեռներէն անմիջապէս դէպի հիւսիս, Նիկտէ գաւառի գլխաւոր քաղաքն է, ծովի մակերեւոյթէն 1,300 մեթր բարձրութեամբ բարձրաւանդակի վրայ: Օսմանեան շրջանին՝ ընդգրկուած էր Գոնիայի Վիլայէթին մէջ: Հին ժամանակներէ ի վեր Կապադովկիան եղած է հայ եւ յոյն ազգաբնակչութեամբ բնակեցուած տարածաշրջան՝ քրիստոնէութեան ծաղկման ու զարգացման նշանաւոր կեդրոններով: Բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, տաճառներ թէեւ աւերուած ու կիսաքանդ՝ բայց դեռ կանգուն կը մնան զանազան քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Կեսարիա, Սիւրիհիսար, Տէրինգույու, Նիկտէ, Աքշէհիր, Աքսարայ եւայլն:
«Քըզըլ Քիլիսէ»ն (Կարմիր Եկեղեցի), Աքսարայի մօտակայքը, Է. դարէն՝ ամէնահին քրիստոնէական կառոյցը կը նկատուի ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին. Փլատակ վիճակի մէջ՝ այժմ վերականգման աշխատանքներ կը տարուին՝ Նիւ Եորքի World Monuments Fund կազմակերպութեան միջոցներով: Նոյնպէս նորոգուելու վրայ է Թուրքիոյ ամէնամեծ հայկական եկեղեցիներէն մէկը՝ Սիւրիհիսարի Ս. Երրորդութիւնը որ ծրագրուած է թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի վերածել, նպատակ ունենալով զբօսաշրջութեան զարգացումը այդ շրջաններուն մէջ: Ուրիշ հսկայական եկեղեցական համալիր մըն է Տէրինգույու ստորգետնեայ բնակավայրին մօտ գտնուող հայկական Բազիլիկան:
Նիկտէի հայկական եկեղեցիին վերանորոգման մասին լրատուութիւնը յիրաւի ոգեւորեց զիս, պարզապէս անոր համար որ իմ նախնիքս Նիկտէցի են: Հայրս՝ Յարութիւն՝ Նիկտէ ծնած է 1890ին եւ իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները անցուցած է Նիկտէի մէջ: Յաճախած է Նիկտէի հայկական դպրոցը: Իր կեանքին վերջին տարիներուն, ասկէ մօտ կէս դար առաջ, գրի առած իր յուշերուն մէջ՝ Նիկտէի եկեղեցիին, դպրոցին եւ այլ կառոյցներուն մասին տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ կան, որ պիտի ուզէի հոս փոխանցել՝ իրենց շահեկանութեան համար:
Առ ի տեղեկութիւն, աւելցնեմ որ համացանցի վրայ, GOOGLE-ի միջոցաւ պրպտումներուս ընթացքին Նիկտէի քարտէսին վրայ յայտնաբերուեցան իրարու այնքան մօտիկ Kilise եւ Ilk Okul կառոյցները Eski Saray Mahallesi թաղամասին մէջ: Սոյն յօդուածին ընկերացող նկարները առնուած են Նիկտէի քարտէսէն: Եկեղեցին մակագրուած է Eski Kilise եւ Tarihi Kilise անունով եւ հայկական ըլլալը չի յիշուիր: Իսկ դպրոցը, որ եկեղեցիէն մօտաւորապէս հարիւր մեթր հեռաւորութիւն ունի, կը կարծեմ որ հօրս յաճախած դպրոցն է: Ըստ երեւոյթին լաւ պահպանուած՝ տակաւին կը գործածուի որպէս նախակրթարան եւ այժմ կը կոչուի Dumlupinar Ilk Okulu…. ճիշդ եւ ճիշդ հօրս նկարագրած շէնքը…
Ուրեմն, ահաւասիկ վկայութիւններ հօրս՝ Յարութիւն Գասապեանի յուշագրութենէն քաղուած….
ՆԻԿՏԷԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Նիկտէի հայ բնակչութիւնը 300 ընտանիքի կը հասնէր:
(Ծանօթագրութիւն. Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի 1913 ի մարդահամարի տուեալներու համաձայն, Նիկտէի մէջ կը գործէր մէկ դպրոց, չորս եկեղեցի, հայութեան թիւը 5,727 էր: 1915 Օգոստոսի կէսերուն՝ Նիկտէի Սանճաքէն (Գոնիայի վիլայէթ) 4,500 հայեր Նիկտէ, Պոր, եւ Նեւշէհիր քաղաքներէն կը տեղահանուին եւ կը քշուին դէպի Սուրիա: Ուրիշ խումբ
մը՝ 1,500 հայեր կ՛անճիտուի՛ն, Օգոստոսի վերջերը, Աքսարայի մէջ, Նիկտէի Գայմագամ Նազմի Պէյի եւ Աքսարայի տեղահանութիւններու ղեկավար, փոխգնդապետ Ապտուլ Ֆեթահի կողմէ:
Ըստ Թալէաթ Փաշայի «Սեւ Տետրակ»ին մէջ արձանագրած 1917 ի տուեալներուն՝ Նիկտէյէն բնաջինջ եղած է 4,191 հայ: 1914ին 4,939 հայութիւն ունեցող վիլայէթը՝ 1917ին կը հաշուէր միայն 193 հոգի, իսկ վիլայէթէն դուրս՝ 555 ցիր ու ցան հայ:)
Մեծ եկեղեցի մը, չորս սիւներու վրայ կանգնած, տանիքը սեւ քարէ սալիկներով ծածկուած, ձմեռ ատեն ձիւնը, անձրեւը այդ քարերուն ճեղքերէն ներս կը թափանցէր, եկեղեցիին առաստաղը կը թրջուէր, պատերուն, կամարներուն ծեփերը վար թափելով, երբեմն նոյնիսկ պաշտամունքի ժամանակ՝ ժողովուրդին վրայ: Դպրոցի աշակերտները երկուքի բաժնուած՝ եկեղեցիին դասին երկու կողմերը կը կենային:
Ս. Սեղանին յատակի պատի ճեղքերը մանուկներուն թափած ակռաներով լեցուած էին. ամէն երեխայ որ ակռայ կը փոխէր՝ ակռան կը տանէին եկեղեցիին պատի ճեղքերուն մէջ կը զետեղէին, իբր թէ երեխային ատամը ուրիշ տեղ նետելը կամ ոչնչացնելը մեղք է եւ մարմնին վնաս կը պատճառէ:
Եկեղեցին ունէր Առաջնորդարան, նաեւ մի քանի կալուածներ ու տուներ, ոչ մէկ հասոյթով, քանի որ այդ տուներուն մէջ առանձ վարձքի կը բնակէին չքաւոր ընտանիքներ: Քահանային եւ ուսուցիչներուն բնակարանները նոյնպէս եկեղեցիին կը պատկանէին: Եկեղեցին զանգակատուն չունէր: Զանգակ կար որ կախուած էր եկեղեցիին եւ առաջնորդարանին միջեւ երկարող երկու հաստ գերաններէն: Ժամկոչը վերնատան պատուհանէն ելլելով կը զարնէր զանգակը, մասնաւոր եղանակով մը: Բակին մէկ կողմը իրարու վրայ դիզուած գերաններ ու տախտակներ կային զանգակատուն շինելու համար, բայց կառավարութիւնը չէր արտօնած եւ այդպէս հոն գետինը մնացած էին:
Ամէն Զատկուայ տօնին՝ մատաղը անպայման պիտի ըլլար: Տարի մը սակայն մատաղ չեղաւ, լուրջ պատճառով մը: Այն տարին երկու հայ պատանիներ դաշտը խաղալու միջոցին զիրար դանակոծած՝ մէկը մեռած էր: Մեռնողը՝ տոքթոր Արզուեանին քրոջ որդին էր, Եզնիկ անունով. դանակոծողն ալ՝ Իսկէնտէր անունով, չքաւոր ընտանիքի մը զաւակը, որ 12 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Նիկտէցիներու տեղահանութեան ժամանակ տակաւին բանտարկեալ էր:
Նիկտէի հայութիւնը խմբուած էր գրեթէ մեծ մասամբ քաղաքի կեդրոն՝ հայկական թաղամասը, շուկայի մօտակայքը: Բաւական հայութիւն կար նաեւ մի քանի մղոն անդին՝ Գայապաշը թաղամասին մէջ. Այս թաղին հայերը բոլորն ալ Թոգաթլեան մականունը ունէին, հաւանաբար ասոնց նախահայրերը Թոգաթէն գաղթած ու Նիկտէ հաստատուած էին: Հայոց գերեզմանատունը կը գտնուէր քաղաքէն դուրս բաւական հեռու, Գայապաշըյէն եւ քաղաքին կեդրոնէն նոյն հեռաւորութեամբ: Գայապաշը պատահող մեռելը եկեղեցի չէին բերեր. թաղման արարողութիւնը մեռելատան մէջ կամ գերեզմանատունը կը կատարուէր: Յուղարկաւորներ, փոխն ի փոխ, ուսամբարձ դագաղը կը տանէին եկեղեցի եւ գերեզմանատուն: Ձմեռը երբ ճամբան ձիւնով փակուած կ՛ըլլար մի քանի հոգի ձեռքերնին թիերով յուղարկաւորներու առջեւէն կ՛երթային ճամբան մաքրելով: Գերեզմանատունը շրջապատուած էր երեք մեթր բարձրութեամբ քարաշէն պատով: Բարերար «Ղազարոսեան» անունը արձանագրուած էր մուտքի դարպասին վերեւ:
Նիկտէի մէջ ունէինք առաջնորդ: Ամէն կիրակի եկեղեցին լեփ լեցուն կ՛ըլլար հաւատացեալներով: Ժողովուրդը անպայման եկեղեցի կ՛ուգար առաջնորդին քարոզը լսելու: Ուրիշ օրեր, արհեստաւորներ գործի երթալէ առաջ եկեղեցի պէտք է հանդիպէին, գոնէ «Հայր Մեր» մը ըսելու, խաչ մը հանելու. այսպէս հաւատացեալ էին: Եկեղեցին բաց էր առտու իրիկուն, ամէն օր: Դպրոցէն արձակուելէ առաջ, աշակերտութիւնը շարքով եկեղեցի կը տանէին: Պահոց օրերը օրական երեք անգամ ժամերգութիւն կ՛ըլլար: Դպրոցի պարտէզին մէջ, մասնաւոր Ս. Սեղանով բաժնուած ուրիշ պարտէզ մը կար, «Ս. Կարապետի պարտէզ» կ՛ըսէին: Այս պարտէզին մէջ կային քահանայ հայրերու, եպիսկոպոսներու մի քանի շիրիմներ: Դպրոցին պարտէզին մէջ ալ կային չորս հինգ շիրիմներ: Մեռելոցի օրերը, Ս. Զատկուան եւ Ս. Ծննդեան, նաեւ ուրիշ կարեւոր տօնական օրերուն, եկեղեցիէն զգեստաւոր դպիրներ, սարկաւագներ, ամբողջ ժողովուրդը շարքով կ՛երթային Ս. Կարապետ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:
ՆԻԿՏԷԻ ԴՊՐՈՑԸ
Դպրոցը երկյարկանի հսկայ շէնք մըն էր, ամէն կողմերէն մեծ պատուհաններով: Անկիւն մըն ալ դասարանով մը բաժնուած: Օդը աղէկ օրերուն՝ վարը, «Ս. Կարապետ» պարտէզին մէջ, դաս կ՛ընէինք: Դպրոցին պարտէզը ընդարձակ էր. կային բազմաթիւ թթենիի ու շոճիի ծառեր, մէջտեղը՝ ջրհոր մը, առանց ջուրի, աշակերտներուն կողմէ լեցուած էր քարերով, ամէն ինչով: Ս. Կարապետէն դէպի դպրոց զբօսավայրէն զատ ուրիշ մշակելի պարտէզ մը եւս կար, ճամբան զբօսավայրէն կ՛անցնէր: Հոն կար ջրհոր մը՝ ջրհանով (թուլումպայ): Հայ պարտիզպան մը վարձած էր, կը մշակէր, կը ցանէր: Դպրոցին վարի յարկը կար փայտանոցը. վեցերորդ եւ եօթերորդ դասարանի աշակերտներուն պաշտօն յանձնուած էր ցուրտ օրերուն կարգով, եկեղեցին վերջանալէն առաջ, դպրոցին վառարանը վառել, պատրաստել, որպէսզի եկեղեցիէն եկող աշակերտները կարենային անմիջապէս տաքանալ: Ժամկոչը կը կարգադրէր, կը մատակարարէր դպրոցին պէտք եղած բոլոր գործերը հոգաբարձութեան հրահանգով: Ձմեռ ատեն տանիքէն ձիւնը վար նետելու համար մասնաւոր գործաւորներ կը բերէր: Ձիւնը երբեմն այնքան առատ կ՛ըլլար, դժուարութիւն կունենայինք փողոցներէն անցնելու:
Ձմեռուան սաստիկ ցուրտին ճիշդ հակառակը՝ Նիկտէի ամառնային եղանակը շատ հաճելի կ՛ըլլար:
Դպրոոցին մէջ կարգապահութիւնը շատ կանոնաւոր էր: Եթէ դուրսէն օտարական մը ներս մտնէր՝ բնաւ չէր հասկնար թէ դպրոց է, այնքան որ լռութիւն եւ կարգապահութիւն կը տիրէր ամէն կողմ, ոչ մէկ աղմուկ, շշուկ մ՛իսկ չէր լսուէր: Դուրսէն՝ միայն տեսքէն յայտնի էր դպրոց ըլլալը: 150ի չափ աշակերտ, եօթ դասարան, միայն մանչերու համար: Ռուբէն Պալեան, առաջին ուսուցիչը իբր տնօրէն, շատ հնարամիտ անձնաւորութիւն մը, կանոններ դրած էր աշակերտները խրախուսելու, վարձատրելու համար:
Կար բարենիշի վարձատրութիւն՝ երեք աստիճանով: Առաջինը՝ «բարենիշ» էր, ամենամեծ տոմսը: Մէկ «բարենիշ» հինգ «ապրիս»ի փոխարէն, իսկ մէկ «ապրիս»ն ալ հինգ «լաւ»ի արժէք ունէր: Եթէ աշակերտ մը բարի վարքով ու կարգապահութեամբ հինգ «լաւ» քարտ ստանար՝ կը փոխանակէր մէկ «ապրիս»ով: Եթէ հինգ «ապրիս» ստանար՝ կը փոխանակէր մէկ «բարենիշ»ով, եւ հինգ «բարենիշ» ստացողը կը վարձատրուէր նուէրով. գիրք մը, կամ լաւ կազմով տետրակ մը, կամ Ս. Գիրքէն առանձին մաս մը:
Զբօսանքէն զատ որեւէ ատեն դուրս ելլել արգիլուած էր: Ամէն մէկ ժամ՝ հինգ վայրկեան զբօսանք ունէինք: Դպրոցի պատերուն վրայ ամէն կողմ զետեղուած էին երկայն պաստառներ, որոնց վրայ մեծատառ սա տեսակ խրատական խօսքեր գրուած կային. «Դուն քեզի օգնէ՛, որ Աստուած ալ քեզի օգնէ», «Աշխատասիրութիւնը արժէքաւոր գանձ մըն է», «Յառաջդիմութեան բանալին՝ աշխատասիրութիւնն է», եւայլն, այսպէս ութէն տասը մեծ տառերով գրուած պաստառներ պատերուն վրայ՝ ամէն կողմ…
Աշակերտութիւնը առտուն կանուխ եկեղեցի կը փութար: Առաջին գացողը կը վարձատրուէր պատուատոմսով: Եկեղեցի գացողներուն ալ «առաջին»ը, «երկրորդ»ը եւ «երրորդ»ը կ՛ըլլար: Շատ անգամ, դեռ չի լուսցած, զանգակէն առաջ (զանգակը արշալոյսին կը զարնուէր) աշակերտները արդէն եկեղեցիին դռան առջեւ կը սպասէին: Եկեղեցիին դուռը ունէր հաստ վերմակի պէս ամուր վարագոյր մը, ձմրան ցուրտէն պաշտպանելու համար աշակերտները, որոնք առաջնութիւն եւ պատուատոմս շահելու համար կանուխէն կը հաւաքուէին եկեղեցիին գաւիթը, դրան վարագոյրին տակ զիրար հրմշտկելով, ցուրտէն կծկուած կը սպասէին: Այսպէսով՝ աղմուկ ալ կ՛ըլլար, ու վերը, առաջնորդարանը, առաջնորդը քունէն արթննալով տղաքը վեր կը կանչէր, կրակ վառել կու տար եւ թէյով կը տաքցնէր մեզ ու կ՛ըսէր. «Պէտք չէ՛ այսքան կանուխ գալ»: Երբեմն ալ, փոխելով խօսքը՝ «աս ալ աղէկ է, կը վարժուիք պարտաճանաչ ըլլալ, կանուխ արթննալ, գործունեայ կ՛ըլլա՛ք» կը խրատէր:
ՈՒԽՏԱՏԵՂԻՆԵՐ
Նիկտէն ունի երկու հայապատկան ուխտավայրեր. Ս. Գէորգ եւ Ս. Համբարձում, քաղաքէն շատ հեռու չեն երկուքն ալ: Ս. Գէորգը՝ երկու լեռներու միջեւ գտնուող տափաստանի մէկ կողմը, գետնէն ցած այր մըն է: Կ՛ըսեն՝ Ս. Գէորգի ձիուն հետքը կը գտնուի հոս: Ս. Գէրոգի տօնի օրը շատ հայեր ուխտագնացութեան կ՛երթան, մօտ ըլլալուն համար շատեր քալելով, ոմանք ալ՝ կենդանիներով: Առաւօտ կանուխէն կ՛երթան, մինչեւ իրիկուն ժամանակ կ՛անցընեն, կ՛ուտեն, կը խմեն, կը զուարճանան ծաղկաւէտ մարգագետիններու վրայ, զուլալ աղբիւրներու մօտ:
Ս. Համբարձումն ալ նոյնպէս, գրեթէ նոյն հեռաւորութեամբ, դէպի ձախ, բաւական բարձր լեռ մը՝ «Համբարձման Լեռ» անունով: Հոն վազող ջուր չկայ ուխտաւորները ջուրը հետերնին կը տանին: Բարձր լերան երեսը փորուած քարայր մը՝ ուր ամէն մարդ չի համարձակիր մագլցիլ: Երիտասարդները, անոնք որ կրնան՝ իրարու օգնելով կ՛ելլեն մինչեւ քարայրը՝
մոմեր վառելու, նաեւ վարը մնացող տարեցներուն համար: Վար իջնելէ առաջ ալ՝ քարայրին պատերուն մուրէն իրենց ճակատները կը կնքեն խաչի նշանով…:
garokass@yahoo.com