
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ինչքան ալ ուրանան, մարդիկ անպայման «բախտ փնտռել»ու փորձ կը կատարեն իրենց կեանքի ընթացքին: Այս մասին նաեւ զիրար կը քաջալերեն շատեր, մղելով դիմացինը, որ անպայման ճիգ կատարէ իր բախտը փորձելու: Բախտախաղի սեղաններուն շուրջ սլքտացող ծանօթ ու անծանօթ մարդիկ նոյն «բարի» խրատներով չե՞ն քաջալերեր յաղթելու նուազագոյն նշոյլը ցուցաբերող խաղացողները: Ունեցածին կրկնապատիկը շահելու եւ շուտով զայն եռապատկուած տեսնելու մաղթանքներ կը տեղացնեն անոր գլխուն, մինչեւ որ ան ունեցածն ալ վրայ տալով հեռանայ այդ վայրէն: Իսկ անոր պարտուիլը տեսնելով, քաջալերողները արդէն կ՛անյայտանան ու իր բախտին կը թողուն «ճակատամարտ»ը կորսնցուցած անձը:
Միայն բախտախաղի մէջ չէ, որ մարդիկ իրենց բախտը կը փնտռեն: Կեանքի ամէն երեւոյթներու մէջ ալ «բախտ» կը կոչեն առհասարակ այն ինչ որ լաւ է, հանգստաւէտ է, ճոխ ու հարուստ է, մէկ խօսքով այն ինչ որ առաւելութիւն է՝ բաղդատած շրջապատին: Այսպէս, եթէ մէկը միջակ կամ համեստ խաւի պատկանող անձ է, բախտաւորուած կը նկատէ այն անձը, որ յարմարաւէտ պայմաններով բնակարան ունի, թանկարժէք ինքնաշարժ կը վարէ, հանգստաւէտ պայմաններով կը ճամբորդէ, եւ նման երեւոյթներ, որոնք նոր աշխարհեան կեանքին մէջ մարդոց փառքի բազմոցները լեցնող սիրամարգեան փետուրները դարձած են:
Վերոյիշեալ «բախտ» համարուող երեւոյթներէն բնա՛ւ չ՛այլայլող այլ խումբ կայ մարդոց, որոնք հակառակ այդ ամէնը չունենալուն, երբեք առաւելութիւն չեն նկատեր զանոնք ունենալը, ո՛չ ալ բախտաւոր պիտի զգային, երբ մէկը, առանց իրենց լուրին, զիրենք արժանացնէր այդ ամէնուն: Մինչդեռ, աշխարհի խորհողներուն հեղինակած գործերը ընթերցելով, անոնք երանի պիտի տային անոնց բախտին, որ զիրենք բարձրացուցեր էր իմացական փառքի այդ աթոռներուն…:
Ունեցածով բաւարարուելու, եւ բաղդատականով իր կեանքը չապրելու մասին միշտ խրատականներ կը տրուին մարդոց, համապատասխան ուսուցիչներու կողմէ: Սակայն «բախտ փնտռել»ու որոշ խաւի մարդոց անյագ ցանկութիւնը, միշտ աւելիին ձգտելու աննահանջ կիրքը դրած է անոնց մէջ, եւ մնայուն արշաւի մղած է զանոնք, վազելու իրենց բախտին ետեւէն:
Թէ՛ իրենց «բախտը փնտռող» մարդիկ եւ թէ անոնք, որոնք հեռուէն կը հետեւին անոնց ոստոստումներուն, շուտով կ՛անդրադառնան, որ «արմաւի ծառ»ին տակ երկննալով բերանաբաց սպասելը ո՛չ մէկ իմաստ ունի, այլ՝ ժամանակի կորուստ է պարզապէս: Թերեւս օրերով, ամիսներով ու տարիներով ալ նոյն դիրքով մնայ այնտեղ մարդ, եւ ծառէն արմաւ չ՛իյնայ ճիշդ իր բերնին մէջ: Ուրեմն, ամէնքն ալ կը գիտակցին, որ ծառ բարձրանալը եւ հասունցած պտուղներէն քաղելը, աւելի շինիչ աշխատանք պիտի ըլլայ ու արդիւնաւէտ, քան թէ՝ յոյսով սպասելը, որ կրնայ ապարդիւն ըլլալ: Առաջին իսկ հայեացքով, արմաւենիի ծառին բարձրաբերձ հասակը այն տպաւորութիւնը կը թողու մարդուն վրայ, որ անկարելի է օգտուիլ անոր պտուղներէն: Սակայն, արաբական անապատներուն մէջ ծնած ու հասակ առած բանուորներ, այն օրերուն երբ վերամբարձ երկաթեայ զամբիւղներով մեքենաները չկային, փոքր պարանի օգնութեամբ, կապիկի ցատկռտուքներով մինչեւ ծառին գագաթը կը բարձրանային ու հասունցած պտուղները կը քաղէին:
Հակառակ այս ամէնը տեսնելուն, մարդիկ չեն դադրիր սակայն, ողբալէ իրենց «սեւ բախտ»ը, երբ ընկերային կեանքի դժբախտութեանց բովէն անցնին, եւ մանաւանդ տեսնեն իրենց շուրջը «բախտաւորներ»: Ահա այն ատեն յուսահատութիւնը կը հանդիպի մարդուն, եւ անոր օձիքէն բռնելով հոս ու հոն կը տարուբերէ, մինչեւ որ վիշտի ծանրութեան տակ ճնշէ զայն ու վերջ տայ անոր կեանքին:
Իրենց բախտի անիւին «ծուռ դառնալ»ուն ողբը եւս կը հիւսեն շատեր, երբ իրենց թափած բազմաթիւ ճիգերը ձախորդութեան կը մատնուին: Ասիկա ինքնարդարացման փորձ է անոնց համար, որոնք կասկածով, կամ թերահաւատութեամբ կը նային իրենց կարողութիւններուն: Ինքնավստահութեան պակաս կարելի է նշմարել այս ողբերգակներուն մօտ, որովհետեւ մէկ կամ երկու ձախող փորձ բաւարար կ՛ըլլայ յուսալքումի ենթարելու զիրենք:
Ոմանք տակաւին կը յամենան այն տեսակէտին վրայ, ըստ որուն, աշխարհի բախտը կեդրոնացած կը մնայ որոշ խաւի մարդոց մօտ, իսկ մնացեալը ճակատագրուած է տառապանքով ապրելու իր կեանքին սեւ օրերը, եւ տանջուելու՝ իր չոր հացի պատառը ծամելու համար: Ճիշդ չէ՛ այս տեսակէտը: Աստուած իրարու հաւասար ստեղծած է իր ստեղծագործութեան փառքը եղող մարդիկը: Անոնք ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունին իրարմէ Աստուծոյ աչքին, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենան այս կեանքին մէջ, կամ ի՛նչ հարստութեան ալ տիրացած ըլլան: Ասոր ամէնէն մեծ փաստը մահն է, որ դարձեալ Աստուծոյ կողմէ սահմանուած է, որմէ չեն կրցած ու երբեք պիտի չկարենան խուսափիլ ամէնէն բախտաւոր կարծուած անձերը: Իսկ եթէ ոմանք առարկեն ըսելով թէ անոնց գերեզմանները աւելի փայլուն ու շքեղ կ՛ըլլան, անոնց կը յիշեցնենք Յիսուսի մտածողութենէն քաղուած այն գաղափարը, թէ ամէնէն փայլուն գերեզմաններն ալ ներքնապէս նեխած կ՛ըլլան, փտած դիակներու գարշահոտութեամբ: Իսկ այս պատկերը Յիսուս օգտագործեց, իր օրերուն ապրած ժողովուրդին կողմէ ամէնէն աւելի բախտաւոր նկատուող, օրինապահ փարիսեցիներուն համար: Մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ օրէնքը տառացի գործադրելու համբաւ շահած էին, ու ըստ այնմ՝ յարգուած ամէնքէն (Հմմտ) Մտ 23.27):
Բայց ո՞ւր է սա բախտ կոչեցեալը, որուն ետեւէն վազելու փափաքը այնքան դժուար կը մարի մարդուն մէջ: Լեռներու կատարի՞ն պահուըտած է ան: Արդեօ՞ք երկինքի կապոյտին մէջ է, կամ ամպերու ետին, եւ միայն իր ուզած անձերուն ցոյց կու տայ դէմքը: Այս կասկածը ունին ոմանք, եւ այդ համոզումով ինքնամխիթարութիւն կը կիրարկեն: Սակայն, բախտը հոս ու հոն փնտռողները ամէնէն աւելի ծոյլ ու աննպատակ թափառող մարդիկն են այս կեանքին մէջ: Անոնք օրին մէկը պիտի արթննան իրենց թմբիրէն, ու տեսնեն թէ ինչքա՜ն ժամանակ վատնած են «հովի ետեւէն վազելով»:
_ Բախտը յանդուգն մարդոց ձեռքին մէջ կը գտնուի:
Այս համոզումը եթէ նախ գոյացնէ մարդ ներքնապէս, այն ատեն կը յաջողի գտնել իր բախտը: Իսկ նման համոզում ունեցողին կ՛օգնէ Աստուած ի՛նք, որովհետեւ Ան եթէ չ՛օրհնէ բախտաւորը, այդ բախտը անէծքի կը փոխակերպուի, ու միայն դժբախտութիւն կը բերէ անոր կեանքին մէջ: Այդպէս չէ՞, երբ կը կեանքի ամէն բարիքներով ճոխացած մարդոց կը հանդիպինք, որոնք նաեւ գթասիրտ են ու բարերար, իրարու հետ սիրով են ու երջանիկ կեանքով օրհնուած: Աստուծոյ օրհնութիւնն է այդ, որ յանդուգն ու աշխատասէր մարդուն հաւատքով մղած կեանքի պայքարին պսակումը կ՛ըլլայ: Այս բախտաւորը միայն ինք չ՛ուտեր իր տարեկան բերքին արդիւնքէն, այլ զայն կը բաշխէ ամէնուն՝ կարօտեալներէն սկսելով, իսկ Աստուած այս տեսնելով, կը բազմապատկէ անոր բախտաւորութիւն…: Բախտդ հոս ու հոն մի՛ փնտռեր: