
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8ի երեկոյեան, Քոնկրեսի լիագումար նիստին ներկայացուց տնտեսութեան աճը խթանելու եւ անգործութեան դէմ պայքարի նպատակով իր վարչակազմին կողմէ մշակուած ծրագիրը, ըստ որուն, մօտաւորապէս 447 միլիառ տոլար պիտի յատկացուի զանազան մարզերու։
Օպամայի առաջարկած ծրագիրը կը նախատեսէ նոր աշխատատեղիներ ստեղծել (մօտաւոպրապէս 2 միլիոն աշխատատեղի, մինչեւ 2012ի աւարտը) եւ աշխատավարձքի տուրքը նուազեցնել։ Ըստ ծրագիրին, անհատներ եւ փոքր գործատէրներ 250 միլիառ տոլար պիտի խնայեն նուազ տուրքեր վճարելով:
Եթէ ծրագիրը յաջողի, ապա մինչեւ 2012ի աւարտը անգործութեան համեմատութիւնը մօտաւորապէս 8 տոկոսի պիտի իջնէ, ներկայի 9.1 տոկոսին փոխարէն: Նաեւ, կ՛ակնկալուի, որ իւրաքանչիւր ընտանիք տարե-կան 1500 տոլար խնայէ:
Կը նախատեսուի շուրջ 35 միլիառ տոլար ծախսել ուսուցիչներու եւ արտակարգ ծառայութիւններու աշխատակիցներուն սպասարկութեանց մէջ կրճատումներէ խուսափելու համար։
Ծրագիրը կը նախատեսէ միջոցներ (մօտաւորպէս 140 միլիառ տոլարի) յատկացնել պետական դպրոցներու արդիականացման եւ ենթակառոյցներու զարգացման համար։
Օպամա շեշտեց, որ տնտեսական նոր ծրագիրով նախատեսուած ծախսերը պիտի չմեծցնեն տնտեսական բացը եւ շեշտեց, թէ ծրագիրին բոլոր կէտերուն շուրջ հանրապետականները եւ դեմոկրատները անցեալին որոշ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Սակայն, տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ ծրագիրը շատ հաւանաբար մերժուի իր ներկայ վիճակով, որովհետեւ հանրապետականները պիտի փորձեն անոր առնուազն մէկ մասը փոփոխութեան ենթարկել: