
ԱՆԳԱՐԱ, ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դէմ առնուած միջոցառումները կը շարունակեն նոր մագլցումներ արձանագրել, ա՛լ աւելի տաքցնելով Միջերկրականի արդէն իսկ ջերմ ջուրերը։
Արդարեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, նոր տագնապի առաջին օրէն իսկ ըսած էր արդէն, թէ այսուհետեւ թրքական նաւատորմը աւելի յաճախ պիտի տեսնուի Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին «Ճազիրա»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլի հետ բախումի մը հաւանականութիւնը աւելի բարձրացուց, երբ պնդեց, թէ թրքական նաւերը այսուհետեւ պիտի ընկերակցին Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն ու պիտի պաշտպանեն զանոնք:
Վարչապետ Էրտողան ըսած է, որ թրքական նաւատորմին առաջնակարգ պարտականութիւնն է պաշտպանել թրքական նաւերը։ Էրտողան ըսած է նաեւ որ Թուրքիա պիտի չարտօնէ, որ Իսրայէլ ինքնագլուխ կերպով շահագործէ Միջերկրականի բնական հարստութիւնները եւ Թուրքիա պիտի պաշտպանէ Արեւելեան Միջերկրականի միջազգային ջուրերուն վրայ երթեւեկելու իր իրաւունքները։
Ուրբաթ օր, Իսրայէլի տեղեկահաւաքի նախարար Տան Մերիտոր իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետին այս յայտարարութիւնը վտանգաւոր եւ լուրջ է։ Ան աւելցուց սակայն, թէ նման յայտարարութիւններու պատճառով չի փափաքիր վէճը աւելիով սրել:
«Աւելի լաւ է լուռ կենալ ու սպասել, որովհետեւ բանաւոր յարձակումներ գործելով կացութիւնը վատթարացնել եւ պատասխանելը օգտակար չէ», շեշտեց ան:
Մերիտոր ընդգծեց, որ Թուրքիա միջազգային օրէնքը խախտած պիտի ըլլայ, եթէ փորձէ Կազայի իսրայէլեան շրջափակումը բռնի ուժով խզել, մանաւանդ որ ՄԱԿի պատուիրակութիւնը Կազայի շրջափակման օրինականութիւնը հաստատեց։