«Հայոց Լեզու՝ Դու Պաշտպանն Համայն Հայութեան»
ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Վերամուտ է «Սիփան»ի ընտանիքին համար։ Բարի գալուստ, սիրելի՛ դպրոցականներ։ Դպրոցը այս տարի եւս լայն բացած է իր դռները եւ սրտագին կ՛ընդունի իր սաները, իսկ այնտեղ անհամբեր գրկաբաց կը սպասեն թանկագին ուսուցիչները, կարօտի ու սպասման անզուսպ սրտի թրթիռներով։ Դպրոցը, իբրեւ հայակերտ դարբնոց, սրբութեան տաճար, սիրոյ, բարութեան, խաղաղութեան, գիտութեան օճախ եւ մեր երեխաներու երկրորդ ընտանիք, մայրական քնքշանքով կը դիմաւորէ ձեզ։
Այսպէս, գիտութեան նուաճումները, համակարգիչներու դարը, իրենց դրական նշանակութեան զուգընթաց, տակաւին աշխարհի չարն ու բարին չապրած մանուկներուն պարտադրած են գոցել գիրքերու էջերը՝ մոռացութեան մատնելով «Ուսման պսակը կարդալն է» հրաշակերտ արտայայտութիւնը։ Իսկ հայ սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը կը կերտուի հայկական վարժարանին մէջ։
ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանը ուրախութեամբ 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի իր աշխատանքներուն կը սկսի նորակառոյց Երիտասարդական կեդրոնէն ներս։ Կառոյց մը, ուր կը տեսնենք հայուն անմահութիւնը, որ կը վկայէ հայութեան անսասանութիւնը եւ որուն սաները՝ այսօրուան սերունդը, այստեղ կը ստանան հայրենասիրական այնպիսի կրթութիւն, որ ջերմ եւ կենսատու շունչով կ՛ամրապնդէ Սփիւռք-Հայաստան կամուրջը։ Շաբաթօրեայ վարժարանը՝ իր համազգային հոգեւոր ուժի հաւաքական հպարտութեամբ, փրկարար Դարպաս մըն է խօստմնալից։
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, նկատի ունենալով Կլենտէյլի հայաշատ բնակչութիւնը եւ հետեւելով հայը հայ պահելու իր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով Արեւելահայ ուսուցման պահանջքը, այս տարի կազմակերպած է թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ արեւելահայերէն դասընթացքներու ուսուցում, որոնք իրենց մէջ կը ներառեն տառաճանաչութիւնէն մինչեւ սահուն ու արտայայտիչ ընթերցանութիւն, երգ, պար, արտասանութիւն, թատերական բեմականացում, նկարչութիւն, զանազան հանդէսներ ծնողներու ներկայութեան՝ հաւատարիմ մնալով հայկական մշակոյթի ձեւաւորման ու զարգացման։ Այս տարի կ՛օգտագործուի նաեւ վարժարանի շրջափակը որպէս խաղավայր ընդմիջման ընթացքին։ Իսկ այն դպրոցը, ուր կը տիրէ քաղցր ու ջերմ շունչ եւ առողջ մթնոլորտ, բարերար դեր կը խաղայ աշակերտներու կեանքին մէջ:
Ազգային բարձր արժանապատուութեամբ դրսեւորուող ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը անմնացորդ նուիրուածութեամբ կը շարունակէ մեր նախնիներուն աւանդները:
Սիրելի ծնողք, օգտուեցէ՛ք այս գեղեցիկ ու օգտաշատ առիթէն եւ ձեր զաւակներուն հետ ուղղուեցէ՛ք ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղ՝ արձանագրելու համար ձեր զաւակները։ Արձանագրութեան օրն է՝ Սեպտեմբեր 10, կ.ա. ժամը 10էն սկսեալ, իսկ Վարամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 17ին։ Նկատի ունենալով համատարած տնտեսական ճգնաժամը եւ մէկ ընտանիքէն եկած երկու եւ աւելի երեխաներու թիւը, մասնաճիւղը կը տրամադրէ յատուկ զեղչ։
Մեր հասցէն է՝ 211 W. Chestnut St., Suit 201, Glendale, CA 91204:
Մանրամասնութիւններու համար, հեռաձայնել Սիլվա Գրիգորեանին՝ 310-343-1067 թիւին, կամ Սօնա Գիզիրեանին՝ 818-243-2218 թիւին: