ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական քարոզչական մեքենան միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու նպատակով, հնարածին լուրեր կը հրապարակէ՝ փորձելով արցախեան բանակը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ եւ իր բանակի շարքերուն մէջ տեղի ունեցած արտակարգ պատահարները վերագրել ղարաբաղեան ուժերու գործողութիւններուն:
Նոյն ոգիով, Սեպտեմբեր 15ին, Պաքուի լրատուամիջոցները տարածած են լուր մը, ըստ որուն, իբրեւ թէ հայկական ուժերուն կողմէ հրադադարի խախտումին հետեւանքով վիրաւորուած է ատրպեճանական բանակի սպայ Կապիլ Ապտուլաեւ: Արցախի բանակը յայտարարած է, որ այս լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան, եւ որ Ատրպէյճան պարզապէս իր նախայարձակ գործողութիւնները կը փորձէ արդարացնել եւ սեփական բանակին մէջ ոչ-կանոնադրական փոխյարաբերութիւններու հողին վրայ կատարուած արտակարգ պատահարը ղարաբաղեան կողմին վրայ բարդել:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակը այս առթիւ յայտարարած է, թէ հայկական զինուած ուժերը մշտապէս հաւատարիմ կը մնան հրադադարի պայմանաւորուածութեանց: