ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Սեպտեմբեր 13ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի 43րդ Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնն ու բոցավառեցաւ խաղերուն ջահը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին ինչպէս համայնքային, նոյնպէս ալ պետական այրեր, յատուկ հրաւէրով ներկայ էր նաեւ Իրանի մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարար դոկտ. Աբբասին՝ փոխնախարար Սէյետ Համիտ Սաճճատիի ընկերակցութեամբ, Թեհրանի քաղաքապետարանի մարզական գրասենեակի նախագահը, Իրանի Իսլ. խորհրդարանի հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանը. ներկայ էին նաեւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, Հայաստանի մօտ Իրանի նախկին դեսպան Քոլէյնի, կրօնական-հոգեւոր հայրեր եւ ազգային գործիչներ:
Ծրագիրի հաղորդավարներ Անահիտ Նազարեանի եւ Հայրիկ Աղանեանի կողմէ տրուող ծրագիրը ընթացք առաւ նուագախումբի երթով, ու Իրանի հիմներգին ներքոյ ծածանեցան Իրանի եւ Համահայկական խաղերու դրօշակները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլէթ Խալոյեանի բացման խօսքով: «Արարատ» կազմակերպութեան անունով, որպէս հիւրընկալող կողմ, մասնակիցներուն յաջող մրցապայքար մաղթելէ ետք, սկսաւ Իրանի տարբեր քաղաքներէ Թեհրան ժամանած մարզիկներուն տողանցքը:
Ապա Իրանի հաւաքականներու կազմին մէջ հանդէս եկած մարզիկները խաղերու ջահը մարզաւան բերին եւ վեթերան ֆութպոլիստ Մասիս Յակոբեանի ձեռամբ բոցավառեցաւ 43րդ Համահայկական խաղերուն կրակը:
Խաղերը բացուած յայտարարուելէ ետք ելոյթ ունեցաւ Իրանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Աբբասի, որ հպարտութեամբ ողջունեց նաեւ Հայաստանի 5րդ շրջանի Համահայկական խաղերուն իրանահայ մարզիկներու գրանցած յաջողութիւնները՝ առաջարկելով իր օժանդակութիւնը հայկական մարմնակրթութեան, ապա դրամական պարգեւներ յանձնեց Թեհրանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին: Նախարարը նաեւ յայտարարեց 350 միլիոն ռիալով «Արարատ»ի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը պարգեւատրելու մասին լուրը:
Ընթացքին իր հայրական օրհնանքով հանդէս եկաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Սրբազան հայրը ոգեւորելով մարզիկները՝ նշեց, որ իրանահայութիւնը Հայաստանի Համահայկական խաղերուն Սփիւռքի կտրուածքով դարձաւ խաղերու առաջատարը: Սրբազան հօր խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական կատարումներ եւ տօնական հրավառութիւն:
Իրանի 43րդ Համահայկական խաղերուն կը մասնակցին շուրջ 800 մարզիկներ, որոնք պիտի մրցին ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, լող, թենիս, փինկ-փոնկ, թեթեւ աթլեթ եւ ճատրակ մարզաձեւերուն մէջ: