«Ա».- Հայաստանի Անկախութեան 20րդ տարեդարձի նախօրէին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ բաւական մեծ արձագանգ գտաւ հայ աշխարհին մէջ՝ յատկապէս արժանացաւ հայաստանեան մամուլի ուշադրութեան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք եղած արձագանգը:

ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը մեր քաղաքական գնահատումներուն կամ դիրքորոշումներուն մէջ նորութիւն պատգամող հաղորդագրութիւն մը չէր: Յայտարարութիւնը, յամենայնդէպս, իր պարունակէն դուրս հանուեցաւ եւ մամուլի տարբեր միջոցներու կողմէ չարաշահուեցաւ՝ նպատակ ունենալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ ներքին խնդիրներու ու պառակտումի սերմեր գտնել: Յուսախաբութեան մատնելով Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ գաղափարական ուժին չգիտակցող բոլոր տարրերն ու ուժերը՝ կը յայտարարենք, որ կուսակցութիւնը իր կուռ կառոյցով կը մնայ մեր ազգային արժէքներէն մէկը:
«Ա.».- Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան կազմակերպած ճաշկերոյթին ձեր ներկայութեան հարցը որոշ շրջանակներու կողմէ չարաշահուելով՝ փորձ եղաւ ձեզ ներկայացնելու իբրեւ անկախութեան գաղափարը նսեմացնողներ: Ի՞նչպէս կը բացատրէք նման շահարկումները:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Ճիշդ այս շահարկումներուն վերջ տալու համար եւ Հայաստանի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան ճաշկերոյթին բնոյթը տարբեր ներկայացնող մեր ստացած նոր հրաւէր-նամակի լոյսին տակ (հիւպատոսարանէն մեր նոր ստացած գրութիւնը Անկախութեան տարեդարձին առթիւ ճաշկերոյթի հրաւէր է), ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն անհրաժեշտ նկատեց նոր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալը (Տե՛ս http://asbarez.com/arm/110013/): Համոզուած ենք, որ այս նոր յայտարարութեամբ հարցը փակուած կ՛ըլլայ: Իսկ անկախութեան գաղափարին հանդէպ մեր ամբողջական յանձնառութեան եւ Հայաստանի անկախութիւնը իբրեւ գերագոյն արժէք ու նպատակ ունենալու մեր վարքագիծը անքննելի է:
«Ա.».- Նկատի առնելով Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին կարեւորութիւնը՝ համահայկական առումով, ի՞նչ դեր վերապահուած կը համարէք այս համայնքին ընդհանրապէս, եւ ՀՅԴ այս շրջանի կազմակերպութեան՝ մասնաւորապէս:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- Այս համայնքը իր կարողականութեամբ Հայաստանի անկախ պետականութեան կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը կարելի է համարել: Այստեղ կ՛ապրին հարիւր հազարաւոր հայորդիներ, որոնք ամէն օր Հայաստանի հարցերով ու խնդիրներով կը տագնապին, Հայաստանի իրագործումներով կ՛երջանկանանան, Հայաստանի ապագայով կը մտահոգուին:
Մեր առաքելութիւնը համայնքի քաղաքական եւ տնտեսական հնարաւորութիւնները առաւելագոյնս կազմակերպելն ու զանոնք ազգային շահերուն ի նպաստ ուղղորդելն է:
——————————————————————————————————————————–
*******************************************************************************************
Մեզ մօտ բոլորը նոյն կարգավիճակով, նոյն նպատակի համար գործող, ընտանիքի՛ բարօրութեան համար գործող կառոյցներ են: Ձեր ասածը նոյնը կը լինի, ինչ մենք մեր դէմ աշխատենք: Այդպիսի բան գոյութիւն ունենալ չի կարող… մեր հակառակորդները՝ թէ՛ դրսում, եւ թէ՛ ինչ-որ տեղ նաեւ ակամայից նրանց գործիքը դարձած ներսի որոշ ուժեր, շատ լաւ հասկանում են, որ Դաշնակցութեան գոյութիւնը նշանակում է ազգային ողնաշարի պահպանում: Այդ առումով մեր քաղաքական ուղեգիծը նոյնն է, եւ չեն կարող տարբերուել Հայաստանի եւ Ամերիկայի մարմինների մօտեցումները, որովհետեւ հայերը հայեր են եւ մէկ նպատակ ունեն՝ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտում: Ինչ վերաբերում է ոճին, որ ասում են՝ կոնկրէտ նախագահի վերաբերեալ չէք ասում, ես էլ ասում եմ՝ վերցրէք իմ բոլոր ելոյթները եւ կը տեսնէք, որ աւելի խոր են, աւելի խիստ են, եւ եթէ նախագահին ասելու բան է եղել՝ ասել եմ հէնց նախագահի ներկայութեամբ:
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
«7 Օր»ի Հետ Հարցազրոյցէն
********************************************************************************************
——————————————————————————————————————————–