ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս Կիրակի, Արցախի տարածքին տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները: Արցախցիք իրենց ազատ կամքով այդ օրը պիտի ընտրեն իրենց համայնքապետները, գիւղապետներն ու քաղաքապետները:
Ասիկա արդէն հինգերորդ անգամն է, որ արցախցիք միջազգային չափանիշներով օրինապահօրէն իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները կը կենսագործեն՝ ուղղուելով քուէատուփ եւ ընտրելով իրենց նախընտրած թեկնածուները:
Արցախեան իւրաքանչիւր ընտրութիւն իսկական մղձաւանջ մը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանին, որ այս անգամ ալ, ինչպէս նախորդներու պարագային, բողոք կը բարձրացնէ ու անօրինական կը յայտարարէ անոր իրականացումը:
Անցեալ Հինգշաբթի օր, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած էր, որ «Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական իշխանութեան կողմէ «այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», կը նպաստեն Հայաստանի զաւթողական քաղաքականութեան: Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներուն վրայ գոյացած ինքնահռչակ իշխանութիւնը ապօրինի կառոյց է… Այսպէս կոչուած «ընտրութիւնները» կը կատարուին Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու զաւթման արդիւնքները միջազգայնօրէն ամրագրելու նպատակով»:
Կիրակի օր, Մամետեարով անզօրութեամբ պիտի հետեւի Արցախի ընտրութիւններուն, պիտի տեսնէ, թէ արցախցին ինչպիսի՛ արդար հպարտութեամբ իր քուէն պիտի նետէ տուփին մէջ՝ գիտակցելով, որ իր ժողովրդավարական իրաւունքի կիրարկումով, պարզապէս կ՛ամրացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախ պետականութեան միջազգային ճանաչման կռուանները:
Այս հերթական ընտրութիւններով Արցախը կը շարունակէ իր անկախ, ինքնուրոյն պետականութիւնը հզօրացնելու անկասելի երթը: