ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւ-մտեան Ամերիկայի թեմը արդէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնէ հիւրընկալելու Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն հովուապետական այցելութիւնը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 6էն 23:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան երկու անդամները, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը ձեռնարկած են այցելութեան ժամանակացոյցի ճշդումին, եւ այդ նպատակով կեանքի կոչած են շարք մը յանձնախումբեր՝ վեհափառի ընդունելութեան գործադիր մարմինը, ճաշկերոյթի յանձնախումբը, յարաբերական աշխատանքներու եւ մամլոյ յանձնախումբը, Դպրեվանքին ի նպաստ ձեռնարկի յանձնախումբը եւ Ազգ. վարժարաններուն ի նպաստ հանգանակային յանձնախումբը:
Հովուապետական այցելութիւնը պաշտօնապէս պիտի սկսի Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդային դիմաւորութեամբ եւ աջահամբոյրով:
Վեհափառ հայրապետը, տարբեր շրջաններու եկեղեցիները այցելելու կողքին, շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ համայնքի ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան հետ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ պիտի դասախօսէ «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթով:
Հովուապետական այցելութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ կաթողիկոսին նորագոյն հատորը եւ կաթողիկոսը հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը պաշտօնատարներու, կրօնականներու ու համայնքային ղեկավարներու հետ:
Կաթողիկոսին այս այցելութիւնը չորրորդն է դէպի Արեւմտեան թեմ եւ առաջինը՝ 2005ի Հոկտեմբերէն ի վեր:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
Հոկտեմբեր 6-23 կայանալիք Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան մասին մանրամասնութիւններ փոխանցելու համար, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կազմակերպած է մամլոյ ասուլիս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ: Հրաւիրուած են հայկական բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները: Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):