ՄԱԿ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանի բեմէն յայտարարած է, որ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք չէ անլոյծ մնայ՝ պնդելով, թէ այս եւ այլ «սառեցուած հակամարտութիւններ»ու լուծման համար անհրաժեշտ է աւելի մեծ ջանքեր ներդնել:
Յիշեցնենք, թէ Արցախի պատերազմը սկսելէ ետք, Թուրքիա միշտ նեցուկ կանգնած է Ատրպէյճանին, եւ ի նշան Ատրպէյճանի հետ համերաշխութեան՝ միակողմանի կերպով փակած է Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երկկողմանի շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, այլ հարցերու կողքին քննելով նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը: Ան հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետին, Հարաւային Կովկասի մօտ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան դէմքերու հետ:
Նաեւ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի խօսնակ Օքթայ Ասատովի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ ու շարք մը այլ խնդիրներու կողքին, քննած է նաեւ Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: