
ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, անոր ընկերատնտեսական վիճակը եւ Վրաստանի մէջ հայերէնն ու հայ մշակոյթը պահպանելու հարցը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան վերջերս հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ վրացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի ու Թիֆլիսի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Յառաջիկայ ամիսներուն, աշխատանք պիտի տանինք նաեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու Քոնկրեսին միջոցաւ վրացահայութեան նպաստելու նպատակով եւ անոնց հետ մեր գործակցութիւնը սերտացնելու համար», կը յայտնէ Խաչիկեան:
Մէկ շաբթուան ընթացքին, Խաչիկեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան հանդիպումներ ունեցած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէի, մշակոյթի նախարար Նիքոլոզ Ռուրուայի, ինչպէս նաեւ կրթութեան, արդարադատութեան, շրջանային զարգացման, ազգային ապահովութեան եւ ենթակառոյցի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Անոնք նաեւ խորհրդակցած են Վրաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսի եւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ խոստանալով վրացահայութեան հետ կապերը ամուր պահել: