Քաղաքական Կամք, Բարոյական Նկարագիր Եւ Հայրենասիրութիւն

1918ին, Սարդարապատեան գոյամարտին եւ անկախութեան ստեղծման մէջ իր որոշադրիչ դերը ունեցած առինքնող դէմքերէն լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան շատ գեղեցիկ կերպով կը բնութագրէ առաջին հանրապետութեան սերունդին դերը, երբ կը գրէ՝ «Հետագայ դարերի հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասի տարիներին հերոսական վճռականւթեամբ տէր կանգնեց իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգով կարողացաւ աւերակների եւ սովի միջից նոր Հայաստան ստեղծել … այս բախտորոշ եւ գերագոյն վճռականութեան տօնն է Մայիս 28ը»։
Աղբալեանի բնութագրումով՝ «բախտորոշ եւ գերագոյն վճռականութեան տօնն է Մայիս 28ը», որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարիներ ետք, երբ մեր նահատակներուն սրբազան նշխարները Տէր Զօրի տաք աւազներուն վրայ տակաւին անթաղ սփռուած կը մնային ու կոտորածներէն վերապրած սովահար ու տառապակոծ բուռ մը տարագիր հայութիւնը վերապրելու գոյապայքարին մէջ էր, անդին՝ Արարատի լանջերուն մեր ժողովուրդը 1918ի Մայիսի 28ին հիմը կը դնէր Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Այսօր, փոխ առնելով մեծ հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը կ՛ուզենք յայտարարել, որ յետագայ դարերու հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդներուն վրայ, որոնք խորհրդային վարչակարգի ծանր տասնամեակներուն՝ հակառակ Սթալինեան սարսափներուն, իրենց հոգիներուն մէջ վառ պահեցին Հայաստանի անկախութեան գաղափարը։ Յետագայ դարերու հայ մարդը պիտի զարմանայ մանաւանդ այն սերունդին վրայ, որ 1988ի Դեկտեմբերին Հայաստանը հարուածած ծանր երկրաշարժէն ետք, երբ յուսալքութեան ամպերը մթագնած էին մեր երկրի երկնակամարը, իր մէջ ուժ գտաւ ու իր ցաւին ու մորմոքին մէջ արիութիւնը ունեցաւ խորհրդային բանակներու խիստ հայեացքին եւ ճնշումին ներքեւ շարունակելու Արցախի ազատութեան համար սկսած համաժողովրդային շարժումը, իր աննկուն կամքով յաջողեցաւ վերականգնել Հայաստանի անկախութիւնը, եւ 1918էն ետք առաջին անգամ ըլլալով բռնագրաւուած հայրենի հող ազատագրեց՝ հիմը դնելով նաեւ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան։
Այսօր, Հայաստանի անկախութեան տօնախմբութեան ու զայն իրագործած սերունդներու պանծացումին ընդմէջէն մենք անգամ մը եւս կը վերանորոգենք մեր ժողովուրդի ՄԵԾ ԵՐԱԶին նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը։ Եթէ հայը կրցաւ վերապրիլ իր երկիրը աւերող բարբարոս արշաւանքներէն ու զինք գերեվարած բռնատիրութիւններու ծանր լուծէն, ապա միայն անոր համար, որ իր աչքերը բաց ան կրցաւ երազել, ան կրցաւ իր հոգիին մէջ դարեր շարունակ կրել իրմէ խլուած հայրենի երկրին ազատութեան յոյսը ու այդ յոյսը, այդ երազը կտակեց իր ժառանգներուն։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակին առիթով հարկ է յետադարձ հայեացքով մը վերարժեւորել մեր անցած ուղին, վեր առնել բոլոր այն ձեռքբերումներն ու նուաճումները զորս մեր ժողովուրդը կարողացաւ իրականացնել անցնող 20 տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ինքնաքննադատութեան կարգով անդրադառնալ մեր կորուստներուն, ընկրկումներուն եւ քաղաքական վրիպումներուն։
Արդարօրէն պէտք է արձանագրել որ երկար է շարքը 20ամեայ մեր իրագործումներուն։ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք, եթէ մեր մեծագոյն իրագործումը Արցախի ազատագրումն էր, ապա անոր կողքին իբրեւ մեծագոյն նուաճում հարկ է արձանագրել Հայոց Բանակի ստեղծումը։ Հայոց բանակը մեր ժողովուրդի սրտին ու հոգիին ամենամօտիկ այն կառոյցն է, որուն հետ պէտք է սրբութեամբ եւ գուրգուրանքով վերաբերիլ։
Մեր բոլորին համար հպարտութիւն է վկայել այն իրողութիւնը, որ Անկախ Հայաստանը այսօր իր ուրոյն տեղը ունի ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, լիիրաւ անդամ է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, մաս կը կազմէ Եւրոխորհրդարանին եւ միջազգային բազմաթիւ կառոյցներու, որոնք եթէ մէկ կողմէ Հայաստանին կ՛ընծայեն այդ բեմերէն Հայաստանի ու հայութեան հարցերը բարձրաձայնելու հնարաւորութիւնը, ապա միւս կողմէն միջազգային այդ կառոյցներուն հետ համարկումը պարտաւորեցուցիչ հանգամանքներ ունի նաեւ եւ Հայաստանին կը տրամադրէ իր ազգային անվտանգութիւնը երաշխաւորող միջազգային յենարաններ։
Մեր ջերմ ցանկութիւնն է միայն դրականը տեսնել ու դրականը գովերգել մեր հայրենիքին մէջ։ Մեզի համար բնաւ հաճելի չէ բեմ բարձրանալ ու դրական շատ բան չունենալ ըսելիք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած ապաշնորհ քաղաքականութեան մասին։
Ոմանք կ՛առարկեն, որ դէպի անկախութիւն ձգուած ճանապարհը երկար է ու դժուարին եւ թէ ժողովուրդները ակնթարթի մը մէջ չեն կրնար վերականգնել դարերու ընթացքին իրենց կորսնցուցածը։ Հայաստանի պարագային մերժելի՛ է այս տրամաբանութիւնը։ Կարելի չէ՛ հազարամեակներու քաղաքակրթական ու մշակութային փառքով հպարտանալ, սակայն համաշխարհայնացման, գիտութեան եւ հաղորդակցութեան ներկայ պայմաններուն մէջ մսխել ժամանակը։ Կարելի չէ արեւմուտքէն նմանակել լոկ մշակութային յոռի երեւոյթները, սակայն չիւրացնել ժողովրդավարական արժէքները կամ մարդկայի իրաւունքներու հանդէպ յարգանքը։ Բիւրականի աստղադիտարան ու Մատենադարան, Գիտութիւններու Ակադեմիա եւ գիտական ներուժ ունեցող մեր երկիրը չի կրնար տասնամեակներ սպասել, որպէսզի ի վերջոյ կայանան անկախութեան հիմքերը։
Ժողովրդավարական արժէքներու կայացումը, մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը, փտախտին եւ կաշառակերութեան վերացումը, սոցիալական արդարութեան հաստատումը, օլիկարգներու կողմէ սեփական ժողովուրդին կեղեքման սանձահարումը ժամանակ չեն պահանջեր սիրելիներ, ո՛չ, ժամանակ չեն պահանջեր, այլ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջեն լոկ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ:
Մենք ալ կ՛ուզենք երկրի իշխանութիւններով եւ նախագահով հպարտանալ, սակայն ափսոս՝ մեզի զլացուած է այսօր այդ եզակի հպարտութիւնը ապրելու հաճոյքը, մեզմէ յափշտակուած է ազգային նուիրական այդ արժէքներով ներշնչուելու պատմական առիթը։
ՀՀ նախագահի կամ պետական պաշտօնատարի իւրաքանչիւր այցը մեր համայնքներուն եզակի հպարտութեան առիթ պէտք է հանդիսանար։ Հայաստանի նախագահը վարդերով ու հպարտութեան ալիքներով պէտք է ընդունուէր Սփիւռքի տարագիր համայնքներուն կողմէ։ Հայրենիքով բաբախող մեր սրտերուն վրայ ծանր նստած են մեր երկրի զարգացումն ու շնչառութիւնը խցանող ցաւոտ երեւոյթները։ Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են նախագահ Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան վերջին ուղեւորութեան դառն հետքերը, երբ ան 2009 թուականի Հոկտեմբերին կու գար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները հրամցնելու մեզի։ Փարիզէն մինչեւ Լոս Անճելըս ու մինչեւ Լիբանան մեր ժողովուրդը ընդվզումի խրոխտ ցոյցերով դիմաւորեց նախագահը, Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը բազմահազարանոց երթերով իր բարձրաղաղակ ՈՉ-ը ըսաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար ստորնացուցիչ ու դատապարտելի այդ արձանագրութիւններուն։ Դժբախտաբար, սակայն, համաժողովրդային բարձրաղաղակ այդ ՈՉը զարնուեցաւ խուլ ականջներու եւ հակառակ Թուրքիոյ բիրտ ու կոշտ վերաբերումին, տակաւին մինչեւ այսօր Հայաստանի ստորագրութիւնը կը շարունակէ մնալ այդ արձանագրութիւններուն տակ՝ վտանգելով նոյնինքն մեր պետականութեան եւ անկախութեան հիմքերը։
Այսօր Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20 ամեակին առիթով նախագահը անգամ մը եւս կու գայ Լոս Անճելըս եւ այս անգամ՝ անկախութեան տօնական մթնոլորտի զգացական ծխածածկոյթին տակ գուցէ վերականգնելու իր այրած կամուրջները։ Ներքին սպառումի համար արտասանուած գեղեցիկ ճառերէն շատ աւելին պէտք են այդ կամուրջները վերահաստատելու համար, իր նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու համար։ Նախագահը լուրջ եւ հիմնական ընելիք ունի, կան պատմական քայլեր ու նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛ակնկալուին իրմէ։
Այդ իսկ պատճառով չենք կրնար լուր մնալ երկիրը ու անոր անկախութիւնը կործանման առաջնորդող երեւոյթներուն նկատմամբ, որոնք նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար՝ ծանր յանցագործութիւն եւ մեղսակցութիւն են։ Մենք շքանշաններու մուրացկաններ չենք, որպէսզի մեր ինքնասիրութեան շոյումով գինովցած՝ փականք դնենք մեր լեզուին ու հոգիին։ Մենք անկախութեան պահակներն ենք։ Մենք անկախութեան գաղափարին պահակները եղած ենք տասնամեակներ շարունակ, որովհետեւ Հայաստանի անկախութեան գաղափարը ու անոր նուիրական արժէքներն ու աւանդները մենք ժառանգած ենք այնպիսի պատմական դէմքերու կողմէ, որոնք Նիկոլ Աղբալեանի բառերով՝ «օրհասի տարիներին հերոսական վճռականութեամբ տէր կանգնեցին իրենց անտէր հայրենիքին եւ իրենց անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգով կարողացան աւերակների եւ սովի միջից նոր Հայաստան ստեղծել», մենք Ռուբէններու եւ Վրացեաններու սերունդ ենք, Դրօներու եւ Նժդեհներու սերունդ ենք, մենք Տուշմաններու, Բեկորներու եւ Պետօներու փոխանցած պատգամին կրողներն ենք եւ իբրեւ այդպիսին՝ չենք կրնար լուռ մնալ։ Լռութիւնը համազօր է դաւաճանութեան, համազօր է յանցագործութեան, որովհետեւ իբրեւ ժողովուրդէն ծնած քաղաքական ուժ՝ մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել ազգի հաւաքական կամքը։
Այսօր մեզի ընծայուած ժամանակը անգնահատելի է։ Իւրաքանչիւր րոպէն շատ թանկ է մեր հայրենիքի զարգացման եւ պետականութեան հզօրացման համար։ Մեր հայրենիքի քաղաքական կայունութիւնը, տնտեսական զարգացումը եւ բարգաւաճումը, ընկերային, գիտական ու մշակութային վերելքը չեն կրնար ժամանակի բախտորոշ դասաւորումին թողնուիլ։ Մեր սերունդը իր վրայ դրուած ծանր պատասխանատուութիւններ ունի եւ պատմութեան ու մեր ժողովուրդին հաշիւ տալու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուինք բոլորս։
Այս բոլորը կ՛ըսենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ասկէ աւելիին արժանի է։
Այս բոլորը կ՛ըսենք, որովհետեւ մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել ազգի հաւաքական կամքը։
Եթէ կը մերժենք ու կը դատապարտենք փտախտը, մենաշնորհներու վրայ հաստատուած եւ բիրտ ազատականութեամբ բնորոշուող տնտեսական համակարգը, որ իշխանութիւններու հովանաւորութեամբ տնտեսական բռնութիւն հաստատած է երկրին մէջ ու կը կեղեքէ Հայաստանի քաղաքացին, եթէ կը մերժենք ու կը դատապարտենք երկրի բնակչութիւնը խեղդող ու ճնշող սոցիալական անարդարութիւնը, հասարակութեան մէջ անգործութեան բարձր համեմատութիւնը, սարսափելի չափերու հասնող աղքատութիւնը, ժողովրդավարական արժէքներու ու մարդկային իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումները, ապա չենք կրնար լուռ մնալ ու հանդուրժել այդ բոլորին պատճառը հանդիսացող ու անոնց վերացումը արգելակող իշխանութիւնները։
Երկրի տնտեսական նուաճումներէն ու յառաջընթացէն հաւասարապէս պէտք է օգտուին մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը։
Եթէ կը մերժենք ու կը դատապարտենք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, ու կը քննադատենք անոնց մէջ ստորնացուցիչ նախապայմաններու առկայութիւնը եւ կը պահանջենք անոնց վրայէն Հայաստանի ստորագրութեան յետս կոչումը, ապա չենք կրնար լուռ մնալ ու հանդուրժել անոնց հեղինակը հանդիսացող իշխանութիւնները կամ նախագահը, որոնք Հայաստանը ու հայ ժողովուրդը տարին ստորնացուցիչ ու կործանարար այդ ճանապարհով։
Եթէ մեր խոր մտահոգութիւնը կը բարձրաձայնենք Արցախի հիմնահարցի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուող սայթաքումներուն գծով ու ահազանգ կը հնչեցնենք ԼՂՀի Սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած տարածքներէն զիջումներ կատարելու տրամադրութեանց դէմ, ապա չենք կրնար լուռ մնալ բազմիցս այդ զիջումներուն երթալու պատրաստակամութիւն արտայայտած քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ։
Այս բոլորը կ՛ըսենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ասկէ աւելիին արժանի է։
Այլ առիթով մը գրած էինք՝ եթէ 20 ամեակի նշումը եւ տօնակատարութիւնները դարձակէտ պիտի չհանդիսանան ու չփոխեն մեր կեանքը, ապա մեր ապրած ժամանակաւոր հպարտութիւնը եւ զգացական զեղումները լաւագոյն պարագային իբրեւ ծխածածկոյթ կը մթագնեն մեր առողջ տեսողութիւնը, իսկ պատմութիւնը ու անոր անողոք վճիռը չեն խնայեր ոչ միայն ներկայ իրավիճակի պատասխանատուներուն, այլեւ՝ մեր բոլորին։
Հետեւաբար, հարկ է ըսել ամբողջ ճշմարտութիւնը, բացարձակ ճշմարտութիւնը եւ իբրեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասնիկը՝ հաշիւ պահանջել ՀՀ իշխանութիւններէն։
Ահաւասիկ այս տրամաբանութեամբ է որ մենք շեշտը կը դնենք համակարգային իշխանափոխութեան վրայ։ Իշխանափոխութիւն՝ որ միայն նախագահի անձի փոփոխութեամբ չի պայմանաւորուիր, այլ իր մէջ կ՛ընդգրկէ բովանդակ իշխանութիւնը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը արժանի է շատ աւելիին, մեր ժողովուրդը Աստուածատուր իրաւունքը ունի ձեւաւորելու ի՛ր իշխանութիւնը՝ ազատ, արդար ու բառին բացարձակ իմաստով ժողովրդավար ընտրութիւններով։
Այսօր մենք պէտք է կարենանք վերստեղծել Սարդարապատեան օրերու ոգին եւ մթնոլորտը, պէտք է վերստեղծենք Արցախեան շարժումի՝ 1988ի ոգին եւ մթնոլորտը եւ հայութիւնը վարակել այդ օրերու հայրենասիրութեամբ եւ գիտակցութեամբ, որպէսզի կարենանք իբրեւ մէկ ժողովուրդ, համազգային մեր տեսլականին հաւատարիմ՝ միասնական շարքերով շարունակել կռիւը, մինչեւ Սարդարապատեան յաղթարշաւի վախճանակէտը, մինչեւ Ամբողջական Հայաստանի ստեղծումը։
Ազգային մեր մեծ երազին հաւատարմութիւնը պէտք է համազգային հնչեղութիւն ունենայ: Երեւանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Ջաւախք եւ մինչեւ հայկական Սփիւռքի բոլոր գաղութները հայ ժողովուրդը պէտք է հաւատարմօրէն քալէ պահանջատիրական միեւնոյն ճանապարհէն։ Մեզ բաժանող բոլոր տեսակի սահմանագծումները մերժելի են, հայկական արեւելումէն շեղող դիւանագիտական բոլոր խուսանաւումները դատապարտելի են։

Յաւերժականն ու մնայունը հայրենիքն է։ Յաւերժականն ու մնայունը հայ ժողովուրդն է, որ չի՛ կրնար անգամ մը եւս հայրենի իր ափերը լքելու, հայրենազրկուելու դառն ճակատագիրին ենթարկուիլ։ Պատմութեան այդ դաժան փորձառութեան էջը մենք միանգամընդմիշտ ու անդառնալի կերպով փակած ենք։ Համազգային մեր գերխնդիրը հայրենի բռնագրաւուած հողատարածքներու ազատագրութիւնն է այլեւս, ազատագրուած Արցախի պահպանումը, ամբողջական Հայաստանի ստեղծումը, որուն համար ալ հայ կեանքի բոլոր կամուրջները մեզ պէտք է կապեն հայրենիքին հետ։
Այդ գիտակցութեամբ ու այդ վճռակամութեամբ ալ կը յայտարարենք, որ կարելի չէ պատմական դէպքերու բախտորոշ դասաւորումին ու ապաշնորհ իշխանութեան մը քմահաճոյքին ձգել մեր երկրին ու անոր անկախութեան ճակատագիրը։
1918ի Մայիսի 19ին, երբ հայութեան պաշտպանութեան վերջին դիրքերը վտանգուած էին ու թուրքը կը սպառնար ի սպառ բնաջնջել հայութիւնն ու խորտակել անոր հայրենիք ունենալու երազը, առաքելատիպ Արամ Մանուկեան Ազգային Խորհուրդի նիստին մէջ ոտքի կը կանգնի ու կը յայտարարէ՝ «… ոչ մի նահանջ ոչ մի գիծի վրայ։ Նահանջ Երեւանից՝ կը նշանակէ խաչ քաշել մեր ամբողջ գործունէութեան եւ մեր ապագայ քաղաքական մուրազներուն վրայ, բոլորդ պիտի մնաք եւ մեռնիք – ան ուժգնօրէն բռունցքով կը հարուածէ սեղանին ու կը շարունակէ– «Երեւանը չենք դատարկի, եւ պէտք է կռուենք, դիմադրենք թշնամուն մինչեւ վերջին մեր կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը»։
Պարզ է որ այսօր թրքական բանակներուն գրոհը չէ որ կը դիմագրաւենք Երեւանի մէջ։ Այսօր սակայն, Երեւանը ցաւալիօրէն կը դատարկուի, կը հայաթափուի։ Թրքական արշաւանքներն ու Խորհրդային վարչակարգի ճնշումները չեն որ հայ մարդը կը վանեն իր հայրենիքէն։ Մեր իշխանութիւններու ապաշնորհ ղեկավարութեան պատճառով ստեղծուած սոցիալ տնտեսական ծանր պայմաններուն ու անարդարութեանց հետեւանքով հայ մարդը կը լքէ հայրենիքը։ Հայաստանը կը դատարկուի Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններու վարած անհեռանկար ու ապազգային քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20 ամեակին առիթով մենք պէտք է կարողանայինք ոչ միայն վերջ տալ մեր հայրենիքն ու ազգը կործանող արտագաղթին, այլ հայրենադարձութեան ինքնաբուխ շարժումով մը պէտք է կարողանայինք բազմապատկել Հայաստանի բնակչութեան թիւը եւ խրախուսել ծնունդները՝ կարենալ երաշխաւորելու համար Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ անկախութեան ամրապնդումը։ Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունումէն ետք դժբախտաբար դասական Սփիւռքի մէջ տակաւին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու շարժումի մը առկայութիւնը եւ ներշնչումը չենք վկայեր։
Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակին առիթով իբրեւ անմիջական եւ գործնական նախաձեռնութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը յայտարարէ Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմումները խրախուսելու արշաւի մը մեկնակէտը։ Կոչ կ՛ուղղենք, որ այս առիթով միասնաբար խոստանանք՝ որ Հայաստանի Անկախութեան վերականգնումի 20 ամեակին միասնաբար պիտի աշխատինք, որ մեր համայնքին մէջ քսան հազար հայրենակիցներ դիմում կատարեն ու ձեռք բերեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։ Քսան հազարը գուցէ կաթիլ մըն է բաղդատած այն աւելի քան մէկ միլիոնին, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք՝ վերջին 20 տարիներուն հեռացաւ հայրենիքէն։ Գուցէ քսան հազարը այնքան ալ մեծ թիւ մը չէ, սակայն սկիզբ մըն է որ կրնայ օր մը իր կարգին մեկնակէտը դառնալ այնքան սպասուած հայրենադարձութեան շարժումին։
Սիրելի հայրենակիցներ, 20 ամեակի պատգամը յոյսի՛ պատգամ է, մեր կեանքը փոխելու շարժումին մեկնակէտն է։ Մենք ճակատագրուած ենք միասնական ճակատով դիմագրաւելու մեր հայրենիքին ու ժոովուրդին դէմ ցցուած մարտահրաւէրները։ Մենք յաղթած ենք երբ միասնական շարքերով դիմագրաւած ենք թշնամիին գրոհը, հետեւաբար՝ միասնական շարքերով եւ յոյսի՛ պատգամով դիմաւորենք մեր անկախ Հայաստանի գալիք տասնամեակները։
KItch me houys kitch me havatk ou aveli vedjraguan ou miyasnaguan gue hasnink mer nebadaguin…………………….