ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի օրակարգին փշոտ հարցերէն մէկը սեղանի վրայ կու գայ ամէն անգամ, որ

հրապարակ կ՛իջնէ հայրենիքին օգնութեան հասնելու, բայց «խելք տալու» փորձութենէն հեռու մնալու… մտայնութիւնը։
Ժողովրդային պարզութեամբ ըսուած՝ «դրամ տուէք, բայց խելք մի տաք» քարոզող այդ մտայնութիւնը մեր օրերուն, անշո՛ւշտ, այլեւս չի ներկայանար այդքա՜ն կոպիտ անկեղծութեամբ։ Արդէն մշակուած է քաղաքականապէս եւ կ՚արտայայտուի այնպիսի եզրերով, որոնք առնուազն կը յուզեն սփիւռքահայուն հայրենասիրական զգացումները։
Այդպիսի՛ն եղաւ Հայաստանի նախագահին կողմէ վերջերս, Լոս Անճելըսի մէջ, Սփիւռքի հայերուն ուղղուած ազգային–հայրենասիրական կոչը, որ կը յորդորէր՝ կրնաք սիրել կամ չսիրել, կրնաք ընդունիլ կամ չընդունիլ այս կամ այն իշխանութիւնը, բայց անպայման սիրեցէք Հայրենիքն ու օգնեցէք մեր պետականութեան հզօրացման։
Տարրական ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, հարկաւ, որ իշխանութիւններն ու վարչաձեւերը անցողիկ են։ Մնայուն արժէք են եւ յաւերժական միայն Հայրենիքն ու Ազգի Պետականութիւնը։
Նոյնքան տարրական ու անվիճելի ճշմարտութիւն է, նաեւ, որ Հայրենիքը սիրելու եւ Հայոց Պետականութեան հզօրացման սատար կանգնելու համար նախապայմաններ չեն կրնար դրուիլ. նախապայմանները գոյութեան իրաւունք իսկ չունին։
Բայց երբ ազգային–հայրենասիրական այս տարրական ու անվիճելի ճշմարտութիւնները կը հրամցուին իշխանաւորի մը կողմէ, որուն վարչախումբն ու կառավարման վարքագիծը հականիշ են ու ներհակ նոյնինքն Հայրենիքի եւ Ազգի Պետականութեան քաջառողջ զարգացման ու հզօրացման, այլեւս կարելի չէ անհոգ օրօրուիլ յուզականութեան ալիքին վրայ։
Անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ ներկայ իշխանութեանց եւ անոնց վարքագծին դէմ հայ մարդուն դժգոհութիւնը եւ անհաշտ ընդդիմութիւնը ամէն կարգի սակարկութենէ եւ պայմանաւորումէ վեր պահելու հրամայականը։
Քաղաքականապէս մանկամիտ պէտք է ըլլալ, չըմբռնելու եւ չանդրադառնալու համար, որ Հայաստանի նախագահը փաստօրէն կը պատգամէ, թէ Հայրենիքին ու Հայոց Պետականութեան հզօրացման սատարող օգնութեանց մաս չեն կազմեր, չեն ալ կրնար մաս կազմել հայրենի ներկայ իրականութեան առողջացման ուղղուած քաղաքական դեղատոմսերը։
Պարզապէս քաղաքական բառապաշարը եւ հռետորութիւնը փոփոխութիւն կրած են ու մշակուած։ Խորքը կը մնայ միեւնոյն մտայնութիւնը, որ կ՛ուզէ իր հասողութեան տակ ունենալ Սփիւռքի հզօր ներուժը, առանց որ ճանչնայ եւ ընդունի Սփիւռքին իրաւունքը՝ նաեւ քաղաքական դեղատոմսերով սատարելու Հայրենիքի եւ Հայոց Պետականութեան հզօրացման։
Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման սկզբնական շրջանին ալ կ՛իշխէր միեւնոյն մտայնութիւնը, որ սակայն ի տարբերութիւն այսօրուան իր նմանակին՝ կոպտօրէն «նարինջ ուտողներ» կ՛անուանէր վերանկախացեալ մեր Հայրենիքին ու Պետականութեան նորօրեայ հիմերը աւազուտքի վրայ չկառուցելու քաղաքական դեղատոմսը առաջադրող Սփիւռքը։
Հայ քաղաքական միտքը ի վիճակի պիտի չըլլայ Հայաստան–Սփիւռք կամրջումը լիարժէք իրագործելու այնքան ատեն, որ յաղթահարուած չէ Հայոց Հայրենիքի եւ Պետականութեան օգնութեան գործը քաղաքական սակարկութեանց ենթարկելու այս հիւանդագին մտայնութիւնը։
Մանաւանդ որ խորհրդային ամբողջատիրութեան պարտադրման առաջին իսկ օրերէն ծայր առաւ Սփիւռքի նիւթական օգնութիւնը ապահովելու, բայց այդ օգնութեան հետ եկող Սփիւռքի քաղաքական դեղատոմսերը մերժելու կամակորութիւնը։
Հիւանդագին էր այդ մտայնութիւնը իր սկզբնաւորման փուլին եւ այդպիսին կը մնայ նաեւ մեր օրերուն, որովհետեւ ըստ էութեան ի վիճակի չէ ընդունելու, որ աշխարհացրիւ ըլլալով հանդերձ՝ մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն է մեր ժողովուրդը, մէկ ու անբաժանելի են Հայաստանն ու Հայոց Պետականութիւնը։
Միայն վատառողջ մտայնութեամբ կարելի էր Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ կազմել 1921 թուականի Սեպտեմբերին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, այդ առիթով, ուղղել հետեւեալ պատգամը.
«PRO ARMENIA», «Հայաստանի համար»։ Որքան դառն յիշողութիւններ են կապուած այս երկու բառերի հետ։ Որքան յաճախ են արտասանուել այս բառերը մեր կեանքում։ Որքան նիւթական ու մարդկային զոհաբերութիւններ դուրս կորզել եւ որքան ցնորամիտ գործադրութիւն ստացել տասնեակ տարիներ եւ, իրապէս, վերածուել Contra Armenia՝ Հայաստանի դէմ…
«Երկրի ծանր վիճակն հարկադրում է կրկնել յուշիկներով ծանր այս բառերը, սակայն սրանց պէտք է տալ նոր իմաստ։ Մօտ քառասուն տարի տեւող մտայնութեան ու գործելակերպի դարաշրջանը պէտք է փակուած համարել։
«Անհրաժեշտ է թողնել արտասահմանի կաֆէներում բազմած հեռաւոր հայրենիքի համար քաղաքական դեղատոմսեր ու պարտիզանական դաւադրութիւններ կազմելու սովորութիւնը, որի հետեւանքները կրում է երկրի մէջ գտնուող ժողովուրդը միայն։ Սրան պէտք է վերապահել քաղաքական նախաձեռնութեան իրաւունքը։
«Պէտք է հոգալ աւերակ երկրի առուների ու ճանապարհների, ծխնելոյզների ու հանքահորերի, երկրագործական դպրոցների ու տեխնիկական ճեմարանների, կուլտուրական տնտեսութիւնների ու սպիտակ ածուխի մասին։ Կարճ՝ պէտք է մտածել ու տքնել երկրի տնտեսական վերլուծութեան համար, որ մի ժողովրդի հասարակական ու քաղաքական զօրութեան պատուանշանն է կազմում։
«Այո՛, կրկին «PRO ARMENIA», նորից «Հայաստանի համար», բայց այս անգամ արդէն նոր իմաստով ու նոր ուղղութեամբ»։
Ծանօթ եւ տխուր պատմութիւն է, որ Հայաստանի Օգնութեան նման մտայնութիւնը ինչպիսի՛ ծանր ու կործանարար հետեւանքներ ունեցաւ ոչ միայն Հայրենիքի օգնութեան, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութեան վրայ։
Հայրենիքին օգնութեան հասնելու հայ մարդուն սրբազան պարտաւորութեան փաստօրէն հարուած կը հասցնեն բոլոր անոնք, որոնք նիւթական զոհաբերութիւն կը յորդորեն, բայց առանց… քաղաքական դեղատոմսերով օժանդակելու իրաւունքը ճանչնալու։
HOYAGAB (*.*)