
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտնեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական շնորհաբեր այցելութեան առիթով, տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան բարերար ամոլը 75,000 տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանին։ Այս նուիրատուութիւնը հաւասարապէս պիտի տրամադրուի կաթողիկոսարանին, առաջնորդարանիս եւ Ազգային վարժարաններուն։
Բարերար ամոլը այս նուիրատուութեան ճամբով յանձն կ՛առնէ հիւրընկալութիւնը վեհափառ հայրապետին ի պատիւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15ին կազմակերպուած այն ճաշկերոյթին, որ ձօնուած է Ազգային վարժարաններուն, իսկ կաթողիկոսութեան նուիրաբերուած բաժինը պիտի յատկացուի Դպրեվանքին։
Կիրակոսեան ընտանիքին այս բարերարութիւնը նորագոյն նուիրաբերումն է եւ պերճախօս արտայայտութիւնը՝ կաթողիկոսութեան ու Արեւմտեան թեմի առաքելութեան նկատմամբ վստահութեան ու քաջալերանքին։ Բարերար ամոլը անցեալին եւս պատկառելի նուիրատուութիւններ կատարած է առաջնորդարանիս ու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ։
Առաջնորդն ու ժողովականութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերար ընտանիքին, այս ազնիւ նուիրատուութեան առիթով։