Շարլ Ազնաւուրի ազգասիրութեան մասին կասկած կարելի չէ ունենալ: Այս աշխարհահռչակ երգիչը բազմիցս եւ շօշափելիօրէն արտայայտած է իր սէրը, նուիրումը հայ ժողովուրդին, հայոց պետականութեան՝ Հայաստանի հանդէպ:
Յատկապէս Գիւմրիի աղիտալի երկրաշարժէն ետք, Ազնաւուրի ձեռնարկած մարդասիրական գործունէութիւնը, Հայաստանի հասցուցած հսկայական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ իր համբաւն ու հռչակը հայութեան ի նպաստ քարոզչութեան ծառայեցնելու վարքը, զինք արժանի դարձուցած են ամէնէն բարձր գնահատանքներու:
Մեծ արուեստագէտին՝ ֆրանսական պատկերասփիւռէն ու «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթի էջերէն արտայայտած՝ այսպէս կոչուած՝ նոր մօտեցումը Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որքա՛ն ալ ընդվզեցնէ մեզ, որքա՛ն ալ վտանգաւոր զարգացումներու դուռ բանայ, չի կրնար իրեն հանդէպ մեր ունեցած զգացումներուն բացասական երանգներ բերել:
Մենք կը հասկնանք Ազնաւուրի ընդվզումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութենէն: Կը հասկնանք, սակայն, պիտի ուզէինք, որ Ազնաւուր այդքա՛ն արագ յուսահատութեան գիրկը չնետուէր, եւ անիմաստ ու անտեղի զիջումներով թեւեր չտար մեր ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան դէմ մեծագոյն ոճիրը գործած ու անպատիժ մնացած յանցագործին՝ Թուրքիոյ պետութեան:
Ի վերջոյ, շնորհիւ յարատեւ քարոզչական ու քաղաքական պայքարի, վերջին տարիներուն Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ նկատառելի յառաջխաղացք ապահովուած է: Ազնաւուրի յայտարարութիւնը կու գայ վտանգելու այդ յառաջխաղացքը եւ ծանրօրէն կը հարուածէ պայքարողներու բարոյական կորովը: Եթէ Ազնաւուր միայն քանի մը օր սպասէր, ապա ականատես կը դառնար այդ յարատեւ աշխատանքին արդիւնք հանդիսացող ի՛ր իսկ երկրին՝ Ֆրանսայի, նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի վերաբերմունքին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ու Թուրքիոյ կողմէ անոր ճանաչման կապակցութեամբ:
Հեգնականը այն է, որ Սարքոզի Երեւանի մէջ, երէկ, «Ֆրանսա» հրապարակին վրայ ունեցած ելոյթին ընթացքին, «Ցեղասպանութիւն» բառը հայերէնով արտասանելու չափ հեռու գնաց, մինչ Ազնաւուր կը փութար այդ բառէն ձերբազատելու թրքական երազը իրականացնել:
Մենք կը հասկնանք Ազնաւուրի ընդվզումը նաեւ մեր իշխանութեանց անզօրութեան ի տես, ինչպէս նաեւ անոր զայրոյթը, երբ կը խօսի Հայաստանի մէջ անպատիժ գործող «մաֆիոզ»ներուն մասին, որոնք նոյն իշխանաւորներու հովանաւորութեամբ կը թալանեն երկիրը ու ժողովուրդը կը մատնեն թշուառութեան: Այդ «մաֆիոզ»ներուն դէմ պայքարելու ձեւը՝ Թուրքիոյ հետ սահմանը ամէն գնով բանալու քաղաքականութիւնը չենք կարծեր որ է: Ընդհակառակը, ներկայ իշխանութեան գործելակերպով, անոր մինչ այժմ ցուցաբերած վարքագիծով, Թուրքիոյ հետ սահմաններու բացումը միայն հայ «մաֆիոզ»ներուն գրպանները առաւել հարստացնելու պիտի ծառայէ, իսկ ժողովուրդի բարօրութեան ուղղութեամբ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրնայ խոստանալ:
Մենք կ՛ուզենք հաւատալ, թէ մեր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած արուեստագէտը, մեր բոլորին սրտամօտիկ հայ մարդը, արագ կ՛անդրադառնայ, որ Թուրքիոյ կողմէ պարզապէս մեր ժողովուրդին վնաս տրուած ըլլալու ինչ որ խոստովանանք մը գողնալ չէ մեր ազգային պահանջը: Կ՛ուզենք նաեւ, որ ան անդրադառնայ, թէ իր կամ իր շրջապատի մարդոց Արեւմտեան Հայաստան երթալու-չերթալու տրամադրութիւններուն հետ պէտք չէ կապել կորուսեալ հայրենիքին վերատիրանալու մեր սրբազան իրաւունքը: Ինք այդ իրաւունքը չունի, եւ ոչ մէկ բարեգործութիւն, ոչ մէկ ազգանպաստ գործունէութիւն չի կրնար իրեն այդ արտօնութիւնը տալ:
Կրկնելով մեր խորին ակնածանքը Շարլ Ազնաւուրի անձին ու անոր արուեստին հանդէպ՝ կը դիմենք մեծ երգիչին՝ վերատեսութեան ենթարկելու չգիտակցուած կերպով մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը անարգող իր արտայայտութիւնները, եւ իբրեւ Հայաստանի դեսպան՝ դառնալու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան ու իղձերու արտայայտիչ, դառնալու աշխարհով մէկ մեր ազգային Դատի շեփորահարը:
Այսօրուայ մեր պահանջատիրութեան պայգարը, ապագայ գալիք
սէրունդներուն ապահովենք ներկայ սէրունդին ԿՏԱԿԸ,
Մեծահարգ Պր․ Ազնավուր։