ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա, Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովէն ետք յայտարարած է, որ ՆԱԹՕի հակահրթիռային վահանը պիտի պաշտպանէ նաեւ Իսրայէլը, որովհետեւ ան ամբողջ Միջին Արեւելքի դէմ Իրանէն արձակուած հրթիռները թիրախ պիտի դարձնէ։ Փընեթա յայտնած է սակայն, թէ Իսրայէլ պիտի չստանայ վահանին կազմածներուն հաւաքած տեղեկութիւնները, աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները ՆԱԹՕի անդամներուն պիտի տրամադրուին միայն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.