Հովուապետական այցելութեան առաջին օրէն իսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս քանիցս յայտարարեց, թէ այցելութեան նպատակը, իր հօտին հետ ըլլալու կողքին, է նաեւ հաղորդակից ըլլալ անոր հետ, միայն պատգամներով ու յորորդներով բաւարարուիլ չէ, այլ նաեւ լսել մեր ժողովուրդի զաւակները, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ մեր եկեղեցին նոյնինքն ժողովուրդն է, անոր բոլոր զաւակները, մասնաւորաբար նորահաս սերունդները պէտք է ներգրաւուին եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքի տարբեր ասպարէզներուն մէջ։ Այս առաջադրանքին գործնական կիրարկումը եղաւ ժողովուրդին զաւակներուն ու երիտասարդութեան հետ վեհափառին այն հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի յարկին տակ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ժողովուրդին ծանօթացնելու վեհափառին նորագոյն հատորը՝ «Taking the Church to the People», եւ անոր բովանդակութեան շուրջ բաց զրոյց ունենալու հեղինակին հետ։
Վեհափառն ու շքախումբը գրադարան հասան երեկոյեան ժամը 7ին։ Անոր կողքին էին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, միաբան հայրեր, հոգեւորականաց դասու ու թեմի ժողովականութեան անդամներ։ Ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, մտաւորականներ ու համալսարանի դասախօսներ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Ազգ. վարչութեան ու առաջնորդարանի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի եւ այլ մարմիններու, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ ու բազմահարիւր հայորդիներ, որոնց մէջ երիտասարդներու մեծ թիւը ակներեւ էր։
Հանդիպումը կազմակերպուած էր իբրեւ սեղմ համագումար։ Չորս զեկուցաբերներ հրաւիրուած էին ներկայացնելու վեհափառին հատորը, որ անցեալ շաբաթավերջին լոյս ընծայուեցաւ նաեւ Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ։ Երեք բաժիններէ բաղկացած հատորին ու անկէ բխող հարցերու մասին արտայայտուելու հրաւիրուած էին Մարք սրկ. Շիրին, Վարուժան Տէր Սիմոնեան, Մելվին Արզումանեան եւ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան։
Երեկոյին բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Վանա Կիտցինեան-Տէր Յովհաննէսեան, որ ներկայացուց զրուցավարները։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հատորին բովանդակութեան ու ներքին բաժիններուն, աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ ու զայն մարմնաւորող ժողովուրդին, երիտասարդութեան դիմագրաւած հարցերը, մարտահրաւէրներն ու արդի աշխարհի հրամայականները արծարծելու կողքին, վեհափառին ցանկութիւնն է, բազմաձայն զրոյցին ճամբով, հաղորդակից ըլլալ զեկուցաբերներուն ու ներկաներուն մտածումներուն, խօսիլ, բայց նաեւ լսել։
Զեկուցումները անցան հատորին սոսկական ներկայացումի սահմանէն անդին եւ մեծ մասամբ արդարացուցին երեկոյին նպատակն ու վեհափառին ակնկալութիւնները։ Արդարեւ, թէ՛ զեկուցաբերները եւ թէ հանդիսավարը լայնօրէն անդրադարձան արդի աշխարհի մերթ անհաճոյ հարկադրանքներուն, որոնցմէ կը բխին եկեղեցին, ընկերութիւնն ու մարդկութիւնը տագնապի մատնող հարցեր ու մարտահրաւէրներ, որոնց անդրադարձած է վեհափառը, հատորին իրերայաջորդ բաժիններուն մէջ, արծարծելով եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ու արդի ժամանակներուն հետ քայլ պահելու, հոգեւորականներու բարեփոխման ու ժողովուրդին հետ հաղորդակցութիւն պահելու հրամայականները։ Անոնք արտայայտուեցան նաեւ անձնական փորձառութիւններու մասին, որոնցմէ բխած որոշ եզրակացութիւններու բաժնեկից դարձուցին հանդիսականները, կացութիւններ, վիճակներ ու փորձառութիւններ՝ որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՛առնչուին հատորին բովանդակութեան։ Աւելին, անոնք կատարեցին նաեւ առաջարկներ, խնդրելով, որ վեհափառը զանոնք նկատի ունենայ բարեկարգչական իր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մէջ։
Նշենք, որ հատորը մեկնակէտ ու խթան եղաւ լայնածիր զրոյցի մը, որուն առաջին բաժինը եթէ հանդիսավարին ու զեկուցաբերներուն ելոյթներն էին, երեկոյին յաջորդ բաժինը զարգացաւ առաջնորդին խօսքով, վեհափառին պատգամով ու ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելու ճամբով՝ անոնց հետ ուղղակի զրոյց ունենալու վեհափառի արտայայտութիւններով ու բացատրականներով։ Զեկուցաբերները սրտցաւ արտայայտութիւններով խօսեցան մեր եկեղեցւոյ դիմագրաւած հարցերուն ու դժուարութիւններուն մասին, վեր առին ժողովուրդին ու երիտասարդութեան հետ եկեղեցւոյ կամրջումի հարցերը, սակայն նաեւ ակնարկութիւններ ըրին այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին թեմին մէջ, առաջնորդին ու եկեղեցիներու կողմէ, իբրեւ յիշեալ հարցերը դիմագրաւելու եւ դժուարութիւնները դարմանելու միջոցներ։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսավարին ու զեկուցաբերներուն ելոյթներէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդը, որպէսզի արտայայտուի արծարծուած հարցերուն մասին եւ հրաւիրէ վեհափառը՝ ուղղելու իր պատգամը։ Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ զեկուցաբերներուն մասին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւած էին ներկայացումներուն։ Ան բացատրեց, թէ սեղմ համագումարի բնոյթով այս երեկոն, խորքին մէջ վեհափառին իսկ ցանկութեամբ, փոխարինած է հատորի ողջունահանդէսի սկզբնական ծրագիրը, որովհետեւ վեհափառը նախընտրած է զրոյցին կարկինը ըստ կարելւոյն լայն բանալ, լսել անկաշկանդ արտայայտութիւններ, մտահոգութիւններ ու առաջարկներ, հետեւաբար, այս իմաստով, զեկուցաբերները արդարացուցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը։ Առաջնորդը յիշեցուց, որ հովուապետական այցելութեան գլխաւոր բնաբանն է «Հաւատքով կը կերտենք», վեր առաւ հաւատքով գործելու եւ ծրագրելու պահանջը, ապա բեմ հրաւիրեց վեհափառը, որ համբերութեամբ ու սրտբացօրէն լսած էր ներկայացումներն ու առաջարկները։
«ԲՈԼՈՐՍ ՆԵՐԳՐԱՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ»
Վեհափառը առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները ու մանաւանդ երիտասարդները, նշելով, որ իր ստորագրած հատորին մէջ արծարծուած հարցերն ու մատնանշուած մարտահրաւէրները աղերս ունին բոլորին հետ, համապարփակ են ու զանոնք կարելի չէ անջատել իրարմէ ու կեանքէն։ Ան յայտնեց, թէ հատորը ակադեմական ուսումնասիրութիւն չէ, ոչ ալ ընկերութիւնն ու մարտահրաւէրները խոր վերլուծումի ենթարկող էջեր ունի, այլ անիկա արձանագրուած է իբրեւ «արթնութեան կոչ, նկատի ունենալով առօրեայէն բխող հարցեր ու մարտահրաւէրներ»։ Հատորին նպատակն է հարցեր արծարծել, խորհրդածութիւններու մղել ընթերցողը, սակայն նաեւ խորհրդածութիւններէ ետք ու անդին՝ զայն մղել գործելու, կեանքին որակ տալու եւ անոր մէջ որակական բարեփոխում բերելու։ Այդ հարցերը կը վերաբերին մարդկային ընկերութեան, հոգեւորականներուն, կիներուն ու մանուկներուն, մանաւանդ ընկերութեան այն անդամներուն, որոնք յաճախ կը լուսանցքայնացուին եւ սակայն, բոլորս ալ կը զգանք հաւաքական կեանքին մասնակցութեան պահանջը։ Մեր դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէները պէտք է դիտենք ամբողջական ու համապարփակ ակնոցով, այն տրամաբանութեամբ, որ այսօրուան աշխարհի պայմանները մարդիկ ու շրջաններ իրարմէ անկախ չեն պահեր, այլ երկիրներ ու անհատներ իրարու կապուած են, աղերսակից են իրարու, մէկ շրջանի վրայ ներգործութիւն ունեցող զարգացում մը անպայմանօրէն իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բոլոր շրջաններուն վրայ, համաշխարհայնացումը միայն տնտեսական երեսով ներկայացող իրականութիւն չէ, այլ ներգրաւած է մարդկային կեանքի բոլոր երեւոյթներն ու կալուածները, ինչ որ կը ստեղծէ փոխադարձ կախուածութեան ու կամրջումի իրականութիւններ։ «Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կարելի չէ ըսել, թէ այսինչ հարցը ինծի չի վերաբերիր, որովհետեւ բոլորս ալ աղերսակից ենք հարցերուն, մարտահրաւէրներուն», նկատել տուաւ ան, վեր առնելով այն իրողութիւնը, որ եկեղեցին անմասն ու անտարբեր չէ այս բոլորին հանդէպ, չի կրնար ինքզինք անջատել այս իրականութիւններէն, որովհետեւ, ինչպէս կրկնած է յաճախ՝ եկեղեցին նոյնինքն ժողովուրդն է, եկեղեցին միայն հոգեւորականներուն չի պատկանիր, առանց ժողովուրդի եկեղեցին իմաստէ կը պարպուի, ինչպէս որ եկեղեցիէն դուրս քրիստոնէութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Վեհափառը գնահատանքով արտայայտուեցաւ զեկուցաբերներուն մասին եւ յոյս յայտնեց, որ այս երեկոյ արծարծուած հարցերուն քննարկումը շարունակուի ու տարածուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, ընտանիքներուն կողմէ, դառնայ համայնքին ու հաւաքականութեան սեփականութիւնը։ Ան շեշտեց, որ հայ կեանքի բոլոր մասնակիցները դեր ու բաժին ունին այս հարցերուն դիմագրաւման մէջ, սակայն երիտասարդութենէն ունինք մասնայատուկ ակնկալութիւն, երիտասարդներ պէտք է ներգրաւուին ու բանալի դերակատարութիւն ստանձնեն մեր եկեղեցական ու համայնքային կեանքին մէջ, ներդրում ունենան բարեփոխման գործընթացին մէջ։
Վեհափառին պատգամէն ետք, առաջնորդը յայտարարեց, որ պիտի ընծայուի վեհափառին հարցումներ ուղղելու առիթ, իսկ անկէ ետք, սրահէն մեկնողներուն իբրեւ նուէր պիտի տրուին հատորէն օրինակներ։ Զեկուցումներուն ու վեհափառի պատգամին չափ շահեկան եղաւ հարց-պատասխանի պահը, որ երկարեցաւ նախատեսուած 10 վայրկեանի սահմանէն անդին։ Երիտասարդներ ու պատանի մը ուղղեցին եկեղեցական կեանքի ասպարէզները բարեփոխուած տեսնելու մասին հարցումներ, Հայաստանը յուզող հարցեր, որոնց վեհափառը պատասխանեց սրտբացօրէն ու հանգամանօրէն։ Այս պահը յաւելեալ առիթ եղաւ մուտք գործելու հատորին տարբեր ծալքերուն մէջ եւ լուսաբանելու որոշ հարցեր, կացութիւններ ու եկեղեցւոյ դրապաշտ դերակատարութեան եւ բացասական վիճակներու դիմաց լուռ չմնալու հանգամանքը։