
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ի պատասխան «բանակն առանց կասկածելի անձնասպանութիւններու» «Ֆէյսպուք»ի խումբին կողմէ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրաժարականի պահանջին շուրջ կատարուած կոչին՝ «Չենք լռելու» նախաձեռնութիւնը կը յայտնէ, որ հայկական բանակի զօրակազմի անմիջական կառավարումը կ՛իրականացնէ ո՛չ թէ պաշտպանութեան նախարարը, այլ՝ սպայակոյտի պետը: «Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի մէջ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը: Նոյն սպայակոյտին միջոցով կ՛իրականացուի բանակային առօրեայի անմիջական կազմակերպումն ու իրականացումը, հետեւաբար, սպայակոյտի պետը անմիջական եւ ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրէ բանակային կեանքի կազմակերպման որակին համար: Այդ իմաստով, անհրաժեշտաբար պէտք է հանրայնօրէն դրուի ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարին, այլ՝ Գլխաւոր սպայակոյտի պետի հրաժարականին պահանջը», կը յայտարարէ նախաձեռնութիւնը:
«Բնականաբար, ակնյայտ է նաեւ, որ անով պէտք չէ սահմանափակուիլ, եւ այդ հրաժարականը պէտք է դառնայ Հայաստանի բանակի հրամանատարակազմի փոփոխութեան ընդամէնը սկիզբը: Որքա՛ն այդ գործընթացը ուշանայ, այնքան պիտի շարունակեն բանակի մէջ վտանգուած մնալ մեր եղբայրներն ու ընկերները», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«Չենք լռելու»ն կը յայտնէ, որ կը տիրապետէ բացառիկ տեղեկութիւններու եւ ապացոյցներու (գլխաւորաբար՝ տեսանիւթերու տեսքով)՝ առնչուած զինուած ուժերու բարձրաստիճան 18 զինուորականներու կաշառակերութեան եւ ունեցուածքին հետ, սակայն դեռ նպատակայարմար չի գտներ անոնց հրապարակումը:
Նախաձեռնութիւնը կը նշէ, որ բանակին մէջ իրավիճակը կրնայ փոխել հրաժարականը, որովհետեւ այդ պաշտօնին կրնայ նշանակուիլ մարդ մը, որ առաիել կը հետաքրքրուի զինուած ուժերու վիճակով ու զինուորի կեանքով, եւ որ կը տիրապետէ ժամանակակից ռազմարուեստի ու ռազմական կառավարման հոգեբանութեան հմտութիւններուն: