
«Ընթերցողին Հասնելու Հայ Մտաւորականին Իրաւունքը Յարգեցինք». Նազարէթ Պէրպէրեան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Ազդակ»ը եղած է հրապարակագրական կազմաւորման ձեր օրրանը։ Այդ օրերուն ի՞նչ էին հայկական լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան գլխաւոր յատկանիշները: Այսօրուան հետ բաղդատելով, ինչպիսի՞ հոլովոյթ ապրած է հայկական լրագրական մամուլը:
ՆԱԶՐԱԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Ազդակ»ի պատմութեան մէջ յատուկ շրջան մը սկսաւ 1971ին, երբ արդէն ՀՅԴ Լիբանանի Կ. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ դարձած՝ «Ազդակ»ը սկսաւ լոյս տեսնել ամէնօրեայ 8 էջով։
Ընդհանրապէս Լիբանանի հայութիւնը կ՛ապրէր իր ծաղկումի ժամանակները։ Ազգային–հանրային կեանքի եռուզեռը եւ մտաւորական աշխուժութիւնը իրենց գագաթնակէտին հասած էին։ «Ազդակ» հայելին ու միաժամանակ ոգեշնչող յառաջապահը դարձաւ այդ կենսայորդ իրականութեան։
Լրագրական եւ հրապարակագրական առումով՝ մեր դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը հայ կեանքը իր բոլոր երեսներով արագ լրատուութեան դաշտ բերելն էր։ Մեր առաջնահերթ առաքելութիւնը կը նկատէինք ազգային–միութենական մեր կառոյցներուն առօրեան՝ ժողովները, քննարկումները, առաջադրանքները, ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները հանրային ուշադրութեան առարկայ դարձնելը։ Հայ կեանքի թղթակիցի հասկացողութիւնը կեանքի պէտք է կոչէինք։ Ամէնուր ներկայ պէտք է ըլլայինք եւ, մեր աչքերով, ընթերցող ողջ հասարակութիւնը ականատես ու հաղորդակից, գնահատող եւ քննադատող պէտք է դարձնէինք կատարուածին ու մոռցուածին, այնքա՜ն զոհաբերութեամբ եւ նուիրումով ձեռք բերուած յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ պարզուած թերացումներուն ու վրէպներուն։ «Ազդակ»ը ամէնօրեայ կապով ու հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ – արուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքէն մինչեւ մշակութային, բարեսիրական կամ մարմնակրթական–երիտասարդական միութիւններու ձեռնարկներն ու առօրեան – տիրող մթնոլորտին եւ տարուող աշխատանքներուն՝ թէ՛ հանրութիւնը իրազեկելու եւ լրատուութիւն կատարելու առումով, թէ՛ օրը–օրին ակնարկներով այդ ամէնը արժեւորման ենթարկելու իմաստով։
Այդպիսո՛վ Լիբանանի հայութիւնը սկսաւ, առանց հատուածական տարբերութեան, «Ազդակ»ին մէջ գտնել իր հաւաքական կեանքին հայելին, նաեւ՝ իր մշակութային ճաշակն ու նախանձախնդրութիւնը բարձրացնող կենսունակ բեմը, իր ազգային մտահոգութիւններու արծարծման եւ լուծումներու յայտնաբերման ատեանը՝ քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան շնչելի մթնոլորտ ստեղծելով։
Այսօրուան մեր մամուլը ժառանգորդն է այդ ժամանակաշրջանի հրապարակագրական աւանդին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Դրօշակ»ը, իբրեւ քաղաքական, վերլուծական եւ գաղափարական պարբերաթերթ, ձեր խմբագրած ժամանակաշրջանին ի՞նչ խնդիրներու առջեւ էր, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կային ձեր տրամադրութեան տակ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Դրօշակ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը վստահուեցաւ ինծի 1986ի սկզբնաւորութեան, երբ ՀՅԴ Բիւրոն իր կեդրոնական գրասենեակը Լիբանանէն փոխադրեց Յունաստան։ Ինչպէս որ ամբողջ կազմակերպութեան համար, այնպէս եւ մեր կեդրոնական օրգանին առջեւ բացուեցաւ համասփիւռքեան կառոյցի իր առաքելութիւնը լիարժէք իրականացնելու հանգրուան մը։
«Դրօշակ» կոչուած էր առաւելագոյնս արդիւնաւորելու անխափան եւ համածիր հաղորդակցութեան ու արագ կապի այն հնարաւորութիւնները, որ իր հասողութեան դաշտին մէջ էին այլեւս՝ Աթէնք տեղափոխուելով։
Նախ՝ թերթին առաքումը կտրուկ դիւրացաւ եւ աշխարհասփիւռ մեր ընթերցողներուն արագօրէն հասնելու հնարաւորութիւնը ունեցանք։ Համապատասխանաբար՝ մեր նիւթերուն ծիրը ընդլայնուեցաւ, նոյնպէս եւ աշխատակից–յօդուածագիրներու շրջանակը։
Երկրորդ եւ աւելի կարեւորը՝ կապի դիւրութիւնը եւ հասողութեան ծիրի ընդարձակումը մեծապէս օգնեցին, որպէսզի թէ՛ Դաշնակցութեան համակուսակցական գործին առաջնորդող միտքն ու խօսքը կարենանք հասցնել աշխարհասփիւռ մեր շարքերուն եւ համակիր բազմութիւններուն, թէ՛ շրջանային մեր օրգաններու դիմագրաւած տեղական կամ ուրոյն խնդիրներուն տալ համակուսակցական արձագանգ ու անդրադարձ։
Քայլ առ քայլ ստեղծուեցաւ մեր մամուլի ողջ ընտանիքը իբրեւ աշխատանքային մեծ խումբ մը գործի մղելու եւ աշխուժացնելու աւանդութիւնը։ Երկշաբաթեայ «Դրօշակ»ի խմբագրական եւ առաջնորդող նիւթերը բազմացան, նաեւ համարներէ դուրս օրը–օրին առաջնորդող յօդուածներ պատրաստուեցան, որոնք լոյս տեսան շրջանային մեր օրգաններու էջերուն։ Փոխադարձաբար՝ շրջանային մեր օրգաններու խմբագիրները եւ սիւնակագիրները համահայկական ու համակուսակցական ընդգրկում ունեցող նիւթերով եւ առաջնորդող խօսքերով ներկայութիւն դարձան թէ՛ «Դրօշակ»ի եւ թէ շրջանային մեր բոլոր օրգաններու էջերուն։
Փաստօրէն յաջողեցանք իբրեւ մէկ մեծ խմբագրութիւն գործել, իրարու հետ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ, նիւթերու բաժանում կատարել եւ միասնաբար Դաշնակցութեան Գործին առաջնորդող միտքն ու խօսքը ձեւաւորել։ Մարդուժի լայն հնարաւորութիւններ երբեք չունեցանք, բայց մեր ուժերը առաւելագոյնս արդիւնաւորելու մեր հետեւողականութեամբ՝ կրցանք ընդհանուր աշխուժութիւն ներարկել նաեւ խմբագրական–հրապարակագրական մարզէն դուրս գործող մեր մտաւորականութեան, որ այդ շրջանին իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ մեր առաքելութեան արմատաւորումին մէջ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ յանձնառու մտաւորականութեան դերակատարութիւնը գաղափարներու եւ մտածումի զարգացման մէջ՝ հայկական իրականութենէն ներս:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ես բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս այն պատեհութեան համար, որ ունեցայ մամուլի ասպարէզէն ներս գործելու ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան վերաշխուժացման ժամանակաշրջանին։
Թէ՛ «Ազդակ»ի, թէ՛ «Դրօշակ»ի խմբագրական ծառայութեան իմ երկար տարիներս բեղմնաւոր եղան յատկապէս այն պատճառով, որ մեր կեանքին մէջ խոր հաւատք կար մտքի եւ խօսքի ներգործօն ուժին հանդէպ։ Հայ մտաւորականը ի՛նք կը փնտռէր հայ թերթը, որպէսզի իր տեսակէտը, մտածողութիւնը եւ կեցուածքները հասանելի դարձնէր մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն։ Մեր մտաւորականութեան այդ ներքին կրակը անշուշտ այդպէ՛ս, պատահականօրէն, երկինքէն ինկած խնձոր մը չէր։ Ազգային–միութենական թէ կուսակցական մեր կեանքը ղեկավարող գործիչները իրենք տուին առաջին եւ վարակող օրինակը՝ առաջնորդող միտք եւ խօսք մամուլին յանձնելու եւ տեսակէտներու բախում գրգռելու իմաստով։ Եբր Բաբգէն Փափազեան ու Սարգիս Զէյթլեան, Հրայր Մարուխեան եւ Հրաչ Տասնապետեան (միայն ամէնէն ցայտուն դէմքերը յիշատակելու կարգով) իրե՛նք կը նախաձեռնէին յօդուածով կամ յօդուածաշարքով մտածողութիւն հունաւորելու հրապարակագրութեան, դժուար չէ պատկերացնել, թէ ո՛ւրկէ հայ մտաւորականութիւնը կը ստանար իր մտքերու աշխարհը ալեկոծող գրգիռը, թէ ինչո՛ւ հայ մտաւորականը ինք կու գար մամուլին, որպէսզի իր ընտրած ուղղութիւնը պարզէր, պաշտպանէր եւ լայն հասարակութեան մատչելի դարձնէր։
Միաժամանակ հայ կեանքի ընդհանուր կշռոյթը, 70ականներէն սկսեալ մինչեւ 90ականներու կէսերը, վերաթարմացման այնպիսի վարար հոսանք մը կը պարզէր, որ ինքզինք յարգող հայ մտաւորականը չէր կրնար ձեռնածալ հանդիսատեսի լուսանցքին մէջ մնալ. անպայման իր մտածումն ու խօսքը ունէր եւ իր կարգին մղումը ունէր առաջնորդելու մեր ժողովուրդը։ Մանաւանդ որ դաշնակցական մամուլը բառին պատասխանատու իմաստով ազատ արտայայտութեան բեմ տրամադրեց անխտիր մեր բոլոր մտաւորականներուն եւ յատկապէս երիտասարդ մտածողներուն։ Կրնայինք տարակածիք ըլլալ մեր թերթերուն աշխատակցող մտաւորականներուն հետ եւ եղա՛նք յաճախ։ Բայց անպայման ընթերցողին հասնելու հայ մտաւորականին իրաւունքը յարգեցինք՝ մեր սեփական տեսակէտն ու կեցուածքը առանձին գրութեամբ ներկայացնելով հանդերձ։
Ահա ա՛յս մթնոլորտին մէջ մեր մտաւորականութիւնը իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ, թէկուզ մտքերու բախում առաջացնելու գնով, Հայ Դատի ուժական պայքարի գաղափարական հունաւորման, հայ կեանքի համընդհանուր աշխուժացման եւ արդիական շունչով ղեկավարման, բայց մանաւանդ հայ քաղաքական մտքի հայրենացման ուղղութեամբ։ Այդ առումով պատահական չէր, որ 1988ի Արցախեան Պահանջատիրութեան պոռթկումին հետ, նաեւ հայրենի մեր մտաւորականութիւնը ինք մօտեցաւ եւ գտաւ դաշնակցական մամուլի, որպէսզի «Դրօշակ»ի կամ շրջանային մեր օրգաններու էջերէն իր խօսքը ուղղէ արտերկրի հայութեան, իր ներդրումը ունենայ «Դէպի Երկիր» մեր շրջադարձին մէջ։
Յառաջիկայ Հինգշաբթի կը ներկայացնենք ՆԱԶՐԱԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ հետ մեր զրոյցի շարունակութիւնը: