ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան պատրաստ է սկսելու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծելու նպատակով համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր մը պատրաստելու աշխատանքներուն, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19ին, Պաքուի մէջ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Է. Մամետեարով:
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը պէտք է շարունակեն կատարուող աշխատանքը այն հարցերուն շուրջ, որոնք մինչ այժմ անլոյծ կը մնան, նաեւ ժամանակ չկորսնցնելով՝ սկսին համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան աշխատանքին», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, յառաջիկայ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն այցը տարածաշրջան. այցին ընթացքին պիտի քննարկուին հակամարտութեան լուծման հետ կապուած իրադրութիւնը եւ խաղաղութեան գործընթացի անլոյծ հարցերուն շուրջ աշխատանքի հեռանկարները: