
ԿԱՐՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրք լրագրող Թաճետին Տուրմուշ, անդրադառնալով Թուրքիոյ կառավարութեան այն որոշումին, որով կը նախատեսուի յաւելեալ 9 նոր սահմանակէտեր բանալ Վրաստանի, Իրանի եւ Իրաքի հետ՝ Կարսի մէջ հրապարակուող «Սերհատըն սեսի» («Սահմանի ձայնը») թերթին մէջ գրած է, որ «փակ պահելով հայ-թրքական սահմանը՝ Թուրքիա կը պատժէ միայն Կարսի բնակչութիւնը»:
Թուրք լրագրողը կը նշէ. «Ղարաբաղի պատճառով Թուրքիա եւ Ատրպէյճան փակ կը պահեն հայ-թրքական սահմանը՝ պատժելով միայն Կարսն ու կարսեցիները: Կարսի եւ դրացի նահանգներուն մէջ եկամուտի միակ աղբիւր հանդիսացող անասնապահութիւնը անկում կ՛ապրի, պետութեան սխալ քաղաքականութեան պատճառով»:
Տուրմուշը կը պնդէ, որ Կարսի բնակչութիւնը կողմնակից է Հայաստանի հետ սահմանը բանալու գաղափարին: «Փակ սահմանը կը պարտադրէ կարսեցիներուն, որ ապրին աղքատութեան մէջ, սակայն հակառակ անոր, Կարսի մէջ կը վախնան խօսելէ հայ-թրքական սահմանը բանաու մասին», կ՛եզրակացնէ թուրք լրագրողը:
Թուրք լրագրողին համաձայն, սահմանը փակ է միայն կարսեցիներուն համար, քանի որ հայաստանցիները, Վրաստանի օդային ճամբով, կարողութիւն ունին Թուրքիոյ հետ առեւտուր ընելու: