ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը ներկայացնէ Պաքու քաղաքի հայ համայնքի հասարակական, մշակութային եւ գործարար կեանքը լուսաբանող ու իր բնոյթով եզակի Baku.am կայքէջը՝ ատրպէյճաներէն: Ըստ թանգարան-հիմնարկի տեղեկութիւններուն, կայքէջի ատրպէյճաներէն տարբերակի պատրաստման նպաստած են այն բազմաթիւ նամակներն ու լայն արձագանգը, որոնք հետեւած են կայքի գործարկման:
Կայքէջը համալրուած է նորանոր նիւթերով՝ Պաքուի հայկական քարիւղային ընկերութիւններու բաժնետոմսեր, լուսանկարներ, բացիկներ եւ այլն: Baku.am քառալեզու կայքէջը անցեալ ութ ամիսներուն ունեցած է շուրջ 70,000 այցելու: Կայքէջին վրայ զետեղուած հարիւրաւոր լուսանկարներն ու փոսթային բացիկները կը լուսաբանեն հայկական ընտանիքներու, հայապատկան շէնքերու, Պաքուի մէջ լոյս տեսած հայկական մամուլի, գրահրատարակչութեան, գովազդային յայտարարութիւններու եւ ընդհանրապէս Պաքու քաղաքին մէջ հայկական երբեմնի մշակութային ներկայութեան պատմութիւնը:
Առանձին բաժինով ներկայացուած են Պաքուի մէջ 1905, 1918, 1990ին տեղի ունեցած հայկական կոտորածները լուսաբանող փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ: Պաքուի հայ համայնքը դարձաւ ատրպեճանական եւ թրքական իշխանութիւններուն ծրագրած եւ երեք փուլերով իրագործած ցեղական զտման զոհը: Իբրեւ հետեւանք, քաղաքի զարգացման պատմութեան մէջ մեծ ներդրում կատարած հայկական տարրը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ: 20րդ դարու սկիզբը Պաքուն, հանդիսանալով Ռուսական կայսրութեան անդրկովկասեան տիրոյթի մեծագոյն արդիւնաբերական կեդրոն, ունէր հայկական քաղաքակրթական հարուստ ներկայութիւն: Հայերը կը կազմէին քաղաքի ցեղական երրորդ մեծ խումբը, ռուսերէն եւ բազմացեղ մահմետական բնակչութենէն ետք: Այնուհանդերձ, հայերը առաջնակարգ տեղ կը զբաղեցնէին քաղաքի հասարակական, մշակութային եւ գործարար կեանքին մէջ: Նոյն հայ գործարարներուն շնորհիւ սկսաւ եւ մեծ թափ առաւ Պաքուի քարիւղի արդիւնաբերութիւնը: Հայ գործարարներու միջոցներով, հայ ճարտարապետներու նախագիծերով ու եւրոպական ճարտարապետական լաւագոյն աւանդոյթներով կառուցուած շէնքերը մինչեւ օրս կը զարդարեն Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն: Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած հակահայ քաղաքականութիւնը չի հանդուրժեր որեւէ յիշատակում Պաքուի մէջ հայերու երբեմնի ներկայութեան ու քաղաքի պատմութեան մէջ անոնց ձգած հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին:
Յիշեցնենք, որ նշեալ կայքի պատրաստումին նախաձեռնած եւ զայն իրականացուցած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը՝ «Զում Կրաֆիքս» ընկերութեան մասնակցութեամբ: