ԵՐԵՒԱՆ,– Երեւանի ոստիկանապետ Ներսիկ Նազարեանի գործարարութիւնը կը ծաղկի։ Հոկտեմբեր 17ին անոր որդին հերթական «Մոսկուիչկա» խանութը բացած է Սարեան փողոցի վրայ: Գործարարութեան եւ գործադիրի, գործարարութեան եւ իրաւապահի, գործարարութեան եւ օրէնսդիրի սերտաճման փաստը արդէն բոլորս կ՛ընդունինք իբրեւ բնական իրողութիւն՝ ոչ ոք կը պատժուի, ոչ ոք կ՛ամչնայ, ոչ ոք կը թաքցնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.