ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Գերմանիոյ հայ համայնքը աստիճանաբար կը սկսի աշխուժանալու երկրի քաղաքական հարթակին վրայ: Այդ մասին Երեւանի մէջ «Սարդարապատ» շարժման նախաձեռնող խումբին կողմէ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին յայտնած է Գերմանիոյ համայնքի գործիչ Ժիրայր Քոչարեան:
«Հայ համայնքը մեծապէս կը զբաղի մշակութային գործունէութեամբ՝ համեմատած, օրինակ, թրքական համայնքին հետ», հաղորդած է ան:
Ըստ Քոչարեանի, Գերմանիոյ մէջ հայ գաղթականներուն թիւը դժուար է որոշել, քանի որ այս մասին գոյութիւն ունին հակասական տուեալներ՝ 40 հազարէն մինչեւ 75 հազար մարդ: Սակայն, անոր խօսքով, ամէն տարի Գերմանիա մուտք կը գործէ շուրջ 10 հազար հայ, որոնցմէ 6-7 հազարը հետագային կը գաղթէ: