
ՊՈԼԻՍ.- Երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլու Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «ԹՌԹ» պետական հեռատեսիլի երաժշտութեան յայտագիրէն, քանոնի արուեստագէտ Կէօքսել Պաքթակիրի կողմէ ներկայացուած «Երազային Երգեր» յայտագիրին հիւրը եղաւ։
««ԹՌԹ» հեռատեսիլի կայաններէն մէկուն մէջ, մանաւանդ պետական կայաններու մէջ հայ արուեստագէտի մը կողմէ հայերէն երգերով հանդէս գալու իրողութիւնը, կը կարծենք, որ պատմութեան փոխանցուելու արժանի զարգացում մըն է», կը յայտնէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Սիպիլ, յայտագիրի ընթացքին հանդէս եկած է հայերէն երեք երգերով։ Ամբողջ յայտագիրի ընթացքին, Կէօքսել Պաքթակիր գովքը հիւսած է Սիպիլի կողմէ անցեալ Նոյեմբերին հրապարակ հանուած «Սիպիլ» խորագիրով խտասալիկին։
Յայտագիրը սկսաւ Սիպիլի «Նամակ» տեսաերիզէն կարճ բաժինի մը սփռումով, որուն յաջորդեցին Սիպիլի, Էտա Գարաղթուղի եւ Կէօքսել Պաքթակիրի կողմէ կարգաւ ներկայացուած երգերը։ Սիպիլ, իր իւրաքանչիւր երգէն առաջ հայերէն երգերուն բառերը թրքերէնի վերածելով՝ ամէն մէկ երգի բովանդակած իմաստին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան նախ երգեց «Կիլիկիա» երգը, ապա «Անուշ Տաւիղ»ը եւ «Սարի Կեալին»ը։ Սիպիլին յաջորդեց Էտա Գարաղթուղ, որ «Սարի Կեալին» երգը երգեց թրքերէն բառերով։
«Պէտք է անվերապահօրէն խոստովանիլ, որ Սիպիլ, ամբողջ յայտագիրի ընթացքին իր բարեհամբոյր, սիրուն եւ տաքուկ արտայայտութիւններով չափազանց ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց։ Իր երգերը ներկայացնելու համար բարձրախօսը ձեռք առնելու շնորհալի եւ քնքուշ այնպիսի ձեւ մը ունէր, որ առաջին իսկ վայրկեանէն կը մագնիսացնէր դիտորդները եւ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէր», կը գրէ «Մարմարա»ն։