
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտանոցին կողմէ 2005ին սկսած «Դիլիջան» համերգաշարին 2011-2012 տարեշրջանի երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին, կ.ե. ժամ 3ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.):
Ձեռնարկի յայտագիրին վրայ է Տվորաքի դաշնակի եռեակը (F Minor), ինչպէս նաեւ Ավանէսովէն, Չոսթաքովիչէն եւ Մնացականեանէն ստեղծագործութիւններ:
Այս ձեռնակին, Նիւ Եորք հաստատուած եւ քանի մը միջազգային մրցանքներու մէջ առաջին դիրքը խլած դաշնակահար Թանիա Գաբրիէլեան, առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցի «Դիլիջան» համերգաշարին: Անոր պիտի ընկերանան ջութակահարներ Արմէն Անասեան եւ Մովսէս Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Էնտրու ՄըքԻնթոշ (ջութ) եւ Թիմթի Լենտաուըր (թաւջութակ):
Յայտնենք, թէ յառաջիկայ տարուան Յունիսին, «Դիլիջան» համերգաշարը առաջին անգամն ըլլալով նաեւ Հայաստան պիտի փոխադրուի՝ մէկ շաբաթեայ ծրագիրով մը:
Տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել http://dilijan.larkmusicalsociety.com/tickets.php կայքէջը: Տոմսերուն գինը 20էն 35 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 15 տոլար: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://larkmusicalsociety.com/dilijan կայքէջը: