Մտաւորականութիւնը Սկսած Է Թերահաւատութեամբ Նայելու Իր Առաքելութեան

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Գաղափարական քննարկումներու վայրեր կա՞ն այսօր: Ո՞ւր կարելի է գտնել նման գրականութիւն: Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական, հասարակական իւրայատուկ իրավիճակները կը դժուարացնե՞ն, թէ կը նպաստեն գաղափարական երկխօսութեան, բանավէճին: Հայ քաղաքական իրականութեան մէջ գաղափարական բանավէճ կա՞յ այս օրերուն: Եղա՞ծ է անկախութեան ամբողջ շրջանին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Գաղափարական քննարկումները խոտոր կը համեմատին ներկայ դարաշրջանի ընդհանուր՝ գործնապաշտ մթնոլորտին հետ։ Այսօր հազուադէպ կը հանդիպինք հրապարակային քննարկումներու, որոնց մղիչ ուժը գաղափարական երկխօսութիւն ու բանավէճ ծաւալելու մտաւորական կենսունակութիւնն է, կամ՝ աշխարհայեացք հունաւորելու եւ սեփական արեւելումը հիմնաւորելու գաղափարական ներքին կրակն է։
Այդպէ՛ս է ոչ միայն հայ իրականութեան մէջ, այլեւ համաշխարհային առումով եւս։ Հարցը այն չէ, որ «Գաղափարաբանութեան վախճանը» եկած է, ինչպէս տասնամեակներ առաջ աջակողմեան արեւելումի տէր մտաւորականութիւնը սկսաւ յաւակնօրէն «գուժել»։ Հարցը այն է, որ գաղափարական տարբերութիւններն ու հակադրութիւնները այսօր եւս առկայ են, բայց արդէն հեռացած են երկխօսութիւն եւ բանավէճ զարգացնող տեսական քննարկումներու սահմաններէն եւ անձնատուր եղած են գաղափարախօսական–քաղաքական գովազդի տրամաբանութեան։
Հայ իրականութեան մէջ, օրինակ, Հայ Դատի ուժական պայքարի բռնկումէն ասդին, անցնելով Արցախեան ազգային–ազատագրական պայքարի շղթայազերծումէն եւ յանգելով Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին, մեր ժողովուրդը դիմագրաւեց պատմական դարձակէտ կազմող մարտահրաւէրներ, որոնք սուր կերպով շեշտեցին գաղափարական երկխօսութեան ու բանավէճի հրամայականը, որպէսզի համազգային մեր երթը հունաւորող հայ քաղաքական միտքը իր կոչումին տէր կանգնի։ Հայկական Ահաբեկչութեան նորօրեայ զարթօնքը, խորհրդային ու ամբողջատիրական դրոշմով միջազգայնական գաղափարախօսութեան սնանկացումը, Արցախեան պահանջատիրութեան ճամբով հայրենաբնակ հայութեան դրսեւորած ազգայնական արմատականութիւնը եւ, մանաւանդ, հայ ազգային ազատ ու անկախ պետականութեան վերականգնումը եւ արմատական հասարակափոխութեան ցնցումները այնպիսի՛ մարտահրաւէրներ էին, որոնք գաղափարական քննարկումներու հրապարակային ու թափանցիկ միջավայր կը պահանջէին, բայց փոխարէնը ստացան կարգախօսներու քարոզչութեան բեմեր։ Գաղափարական երկխօսութեան ու բանավէճի զարգացումը իր վճռորոշ դերը զիջեցաւ ամբոխավարութեան ու քաղաքական հռետորութեան, որուն հետեւանքով մենք աստիճանաբար կորսնցուցինք այնքան կենսական գաղափարական քննարկումներու կազդուրիչ մթնոլորտը։
Հետեւաբար, հայ իրականութեան մէջ այսօր անշուշտ որ կայ գաղափարական բանավէճ, բայց չկան հրապարակային քննարկման այն միջավայրերը, ուր տարբեր կողմնորոշումներ հանդիպին ու բախին իրարու։ Ես կրնամ որոշապէս տալ օրինակը Դաշնակցութեան, որուն Ընդհանուր Ժողովները այս ամբողջ ժամանակաշրջանին եղան գաղափարական քննարկումներու պատասխանատու վայրը։ Բայց այդ քննարկումները հրապարակային ու թափանցիկ դարձնելու եւ այլ կուսակցական կամ գաղափարական մօտեցումներու հետ յարաբերութեան մէջ դնելու, բանավէճի եւ համադրումի առարկայ դարձնելու միջավայրը դժբախտաբար պակսեցաւ եւ այսօր, արդէն, աւելի քան պակսած է։
Նոյն առումով՝ ուշագրաւ ու ողջունելի է, որ վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ թափ առած է վերլուծաբան միտքը եւ քաղաքական տարբեր հոսանքներ արդէն ունին իրենց տեսական–վերլուծական հանդէսները, տպագիր թէ համացանցի վրայ։ Հայ հասարակական մտքի զգալի յառաջխաղացք կայ եւ նկատելի են գաղափարական լուրջ վերլուծութիւններ եւ արեւելումներու խորացման ու հիմնաւորման ճիգեր։ Բայց այս ամէնով հանդերձ դեռ չկայ գաղափարական երկխօսութեան ու բանավէճի այն ջերմ ու շնչելի միջավայրը, որուն յառաջացման անշուշտ կ՛օգնեն մասնագիտական որակաւոր հրապարակումները, բայց որուն կենսունակութիւն կրնայ ապահովել բացառապէս գաղափարական բաց քննարկումներու ոգին եւ մեր իրականութեան պակսողը ճիշդ այդ ոգին է։
Մեր կեանքի քաղաքական եւ հասարակական հոլովոյթը դժբախտաբար չի նպաստեր այդ ոգիի ու միջավայրի զարգացման։ Այդ պատճառով ալ գաղափարական քննադատութեան ու ինքնաքննադատութեան շնչելի մթնոլորտը պէտք եղածը չէ հայ իրականութեան մէջ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայկական մամուլին տխուր ապագայ կը նախատեսուի յատկապէս Սփիւռքի մէջ: Խմբագրական կազմերու պատրաստութեան խնդիրներ, տպագիր մամուլի ընդհանրապէս դիմագրաւած մարտահրաւէրներ: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ հեռանկար կրնայ ունենալ հայկական թերթ մը Սփիւռքի մէջ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Տպագիր մամուլի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեանց ու ընթերցողներու նուազման ընդհանուր տագնապէն, բնականաբար, զերծ չի կրնար մնալ հայկական թերթը։ Ինչպէս ամէնուր, նաեւ հայ իրականութեան մէջ տպագիր մամուլը պիտի գոյատեւէ այնքան ժամանակ, որքան կայ ձեռքով թերթ բռնելու եւ կարդալու պահանջը մարդոց մօտ։
Համեմատաբար, հայ իրականութեան մէջ տակաւին զգալի տոկոս կը կազմէ տպագիր թերթ փնտռողներու թիւը։ Յատկապէս Սփիւռքի մէջ ընթերցող հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը տպագիր թերթի պահանջը ունի։ Կը նշանակէ, որ հայկական թերթը հեռանկար ունի՛, ապագայ ունի՛։
Մտահոգիչը այլ տեղ կը գտնուի։ Հայկական թերթը իր կոչումին տէր կանգնելու լուրջ դժուարութիւն ունի, որովհետեւ առաջնորդող մտքի եւ խօսքի ընդհանուր արժեզրկման ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, մեր մտաւորականութիւնը իր կարգին սկսած է թերահաւատութեամբ նայելու իր առաքելութեան։ Հասարակական խոր արմատներ ունեցող այս վէրքին վրայ գումարուելու կու գայ հայախօսութեան ընդհանուր նահանջը, որ մանաւանդ նորահաս սերունդներու պարագային կտրուկ օտարացում կ՛առաջացնէ հայերէնով ընթերցումի մղումին, վայելքին ու սովորութեան հետ։
Այս բոլորի լոյսին տակ հայկական թերթին միակ հեռանկարը, ինչպէս հայրենիքի մէջ, նոյնպէս եւ սփիւռքի տարածքին մտաւորական իր առաքելութեան հանդէպ հաւատքի ու ինքնավստահութեան վերանորոգումն է։ Այն չափով որ մեր խմբագիրները, հրապարակագիրները եւ աշխատակիցները հաւատք ու ինքնավստահութիւն կը դնեն իրենց գրութեանց մէջ, նոյնքանով կը յաջողին ընթերցող կապել հայկական թերթին, նաեւ՝ ընդլայնել ընթերցողներու շրջանակը, ներգրաւելով մինչեւ իսկ նորահաս սերունդները։ Երբ տէր կանգնինք թերթը հայ մարդու կեանքին ընկերակցող ամէնօրեայ դպրոցի վերածելու մեր առաքելութեան, երբ ստեղծագործական շունչ, ոճ եւ մտաւորական որակ հրամցնենք մեր հասարակութեան, այդ ատեն է, որ իրապէս կը հասնինք ընթերցողին, ընթերցող կը ստեղծենք։
Միւս հարցը, տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլի ապագայ զարգացման խնդիրը, միայն ժամանակը կրնայ լուծել։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ ապագան, մտահան պէտք չէ ընել, որ ազգային ու գաղափարական իր կոչումին արժանաւորապէս տէր կանգնող հայ հրապարակագրութիւնը միշտ ալ անփոխարինելի պիտի մնայ, իբրեւ տպագիր թէ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան կենսունակութիւն եւ որակ ապահովող գործօնը։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր պատասախանատուութեան բերումով առիթ ունեցած էք մօտէն ծանօթանալու թէ՛ Սփիւռքին եւ թէ Հայաստանին: Այսօր, անկախութեան պայմաններու տակ, կրնա՞ք ընդհանուր գնահատական մը տալ յետ անկախութեան շրջանի Սփիւռքին, մանաւանդ կարեւոր գաղթօճախներուն վիճակուած դրական կամ ժխտական փոփոխութիւններուն:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Կ՛արծարծէք այնքա՜ն ընդգրկուն հարց մը, որ միայն ընդհանուր կրնայ ըլլալ իմ գնահատականը։ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին Սփիւռքը հիմնովին փոխուած է երեք հիմնական ուղղութիւններով։
Առաջին՝ Սփիւռքը գտած է իր ներքին միութեան եւ ամբողջականութեան ծանրութեան կեդրոնը, որ հայրենացումն է՝ բառին հոգեբանական, գաղափարական եւ կենցաղային իմաստով։ Աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի, հայ մարդը (ընդհանրապէս եւ հայկական գաղութը) գտած է իր ազատ ու անկախ հայրենիքը, ունի իր Ազգի Պետական Տունը, որուն ներկայութեան պարզ գիտակցումն իսկ ներքին հաշտեցման ու համարկման առաջնորդած է սփիւռքահայուն մէջ ապրող կրկնակի հայը՝ անոր ազգային ու քաղաքացիական տարբեր պատկանելիութիւնները։
Երկրորդ՝ սփիւռքեան իւրաքանչիւր հայօճախ աւելիով զգայուն դարձած է իր ինքնուրոյն կարիքներուն, առաւելութիւններուն եւ տկարութիւններուն նկատմամբ։ Հայրենացումը երկու ուղղութեամբ երթեւեկի կամրջում մը առաջացուցած է մեր կեանքին մէջ։ Հայաստանին բացուող եւ հայրենականը իր առօրեային մէջ արմատաւորող սփիւռքահայը, բնականաբար, աւելի սուր կերպով կը զգայ հայապահպանման եւ հայկական ինքնակազմակերպման հրամայականը՝ համապատասխանաբար վերադասաւորելով իր առաջնահերթութիւնները։ Իւրաքանչիւր հայօճախ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ մեծ քարտէսին վրայ իր ուրոյն տեղը գրաւելու համար ամէն բանէ առաջ պէտք ունի իր ներքին հզօրացման։
Երրորդ՝ Միջին Արեւելքի հայօճախներէն արտագաղթով սկսաւ եւ Հայաստանի հասարակափոխութեան հետեւանք արտագաղթով աննախադէպ չափերու հասաւ տարբեր սփիւռքներու՝ դասական եւ նորակազմ սփիւռքներու առաջացումը։ Ինքնակազմակերպման եւ հայապահպանման առումով այսօր հիմնովին ունինք տարբեր սփիւռքներ, որոնք միեւնոյն քաղաքին կամ երկրին մէջ կողք–կողքի կ՛ապրին, ընդհանրապէս միեւնոյն դժուարութիւնները կը դիմագրաւեն, բայց իրարմէ ե՛ւ տարբեր են, ե՛ւ անտեղեակ են յաճախ։ Այսօրուան մեր առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը նաեւ այս զոյգ սփիւռքներու համարկումն է։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նորահաս հայ լրագրողին ու խմբագրին ի՞նչ խորհուրդներ պիտի ուզէիք տալ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Ինչպէս քանի մը առիթներով, մեր զրոյցի ընթացքին, արդէն նշեցի՝ հայ հրապարակագրի կոչումին ու առաքելութեան գաղափարական հաւատքով ու մտաւորական ինքնավստահութեամբ փարումը իմ միակ խորհուրդս է նորահաս հայ լրագրողին ու, մանաւանդ, խմբագրին։
Գաղափարական ներքին կրակը նախապայման է անշուշտ։ Ինչպէս որ երիտասարդ տարիքի մարդը չի կրնար իրա՛ւ ու լիարժէ՛ք երիտասարդ ըլլալ՝ առանց աւելի բարօր հասարակութիւն մը կերտելու գաղափարական կիրքին, նոյնպէս հայ լրագրողն ու խմբագիրը մեր կեանքին մէջ չորրորդ իշխանութեան արմատաւորումին կրնան սատարել միայն այն չափով, որ հանրային կարծիքի ձեւաւորման ու հզօրացման ծառայելու բուռն կրակը ունին իրենց մտքին ու սրտին մէջ։ Եւ մանաւանդ՝ անկաշառ ոգիով ու անսակարկ զոհաբերութեամբ պէտք է նետուիլ մամուլի ասպարէզ, որ հայ ժողովուրդի ազգային–քաղաքական եւ հոգեմտաւոր ամէնէն նուիրական արժէքներու եւ սկզբունքներու պահպանման ու տարածման յառաջապահ դիրքերը կը զբաղեցնէ։
Անշուշտ նաեւ մասնագիտական պատրաստութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի նման առաքելութեան համար, բայց կը կրկնեմ՝ գաղափարական հաւատքի ու մտաւորական ինքնավստահութեան կրակը անհրաժեշտ պայման է կոչումի տէր հայ հրապարակագիր ըլլալո՛ւ համար։