ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով իր վրացի պաշտօնատար Կրիկոլ Վաշածէի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ դառնալու իրադարձութեան՝ յայտնելով, թէ Պաքու որոշած է քննել Արցախի հարցը Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ դնելու բոլոր կարելիութիւնները:
Մամետեարով յայտնեց, թէ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներէն երեքը նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներ են, յոյս յայտնելով, որ այդ իրողութիւնը կը նպաստէ տագնապին քննարկումը այդ բեմը հասցնելու ջանքերուն: