ՊՈԼԻՍ.- Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը իր առաջին գերաստիճանը գումարեց Ալմաթիի մէջ, Հոկտեմբեր 21ին։ Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարուած գերաստիճանը որդեգրեց 49 կէտերէ բաղկացած յայտարարութիւն մը, որուն 24րդ կէտը, որ ներառուած է «Ապահովական հարցեր» խորագիրին տակ, կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին։
Բանաձեւը կը հաղորդէ, թէ խորհրդաժողովը քննած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը՝ զայն նկատելով «Ատրպէյճանի հանրապետութեան գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հիմամբ կայունութեան եւ շրջանային համագործակցութեան դէմ գլխաւոր արգելք»:
Յայտարարութիւնը ստորագրուած է Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզիստանի նախագահներուն եւ Թուրքիոյ փոխվարչապետին կողմէ։